Author: Areky
Մէկ ու Կէս Միլիոն Նահատակ-Սուրբերու Յիշատակին Պատարագ Պիտի Մատուցուի Լառնաքայի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Լառնաքայի Ս.Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլեան Մեծ Եղեռնին զոհուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակ-Սուրբերու յիշատակին՝ Ս.Պատարագ պիտի մատուցուի։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուան յատուկ պատգամը փոխանցէ Արժ.Տէր […]
Թուրքիոյ Նկատմամբ, Բոլոր Պայմաններուն Մէջ, Մեր Մօտեցումը Պէտք Է Ըլլայ Յստակ Եւ Ուղիղ. Արամ Ա.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, 2014-ին, Պոլսոյ կարեւոր հեռատեսիլի մը տնօրէնութենէն նամակ մը ստացայ, ուր կ՚առաջարկուէր հարցազրոյց մը ունենալ […]
Ըմբշամարտիկ Արման Անդրէասեան Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Պրոնզէ Մետալակիր
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Արման Անդրէասեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Վարշաւայի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։ Մեր 70 քկ քաշային մարզիկը 3-րդ տեղի գօտեմարտին՝ 4:3 […]
«Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանինք, Որպէսզի Դուք Ստանաք Պատշաճ Պատասխան». Սպիտակ Տունը Պատասխանած է Հայ Պատմաբաններուն
Կարեւոր համարելով այն հանգամանքը, որ ԱՄՆ Քոնկրեսն ու Ծերակոյտը արդէն ընթացքի մէջ դրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը եւ վերջին փուլով ատիկա արդէն ԱՄՆ նախագահի իրաւասութիւնն է, Հայաստանի պատմագէտներու ընկերակցութիւնը, […]
Ապրիլ 23- ին Սիսիանի Մէջ Ջահերով Երթ Պիտի Կայանայ
Ապրիլ 23-ին, ժամը 19:00-ին, Սիսիանի մէջ պիտի կազմակերպուի ջահերով երթ. Վուրգ Ոսկանեանի արձանի մօտաըայ հրապարակէն դէպի ցեղասպանութեան յուշաքար: Այս մասին կը տեղեկացնեն Սիսիանի համայնքապետարանէն։
Որեւէ Իշխանութիւն Հայաստանի Մէջ, Թէ՝ Դուրսը Չհամարձակի՛ Խնդրոյ Առարկայ Դարձնել Ցեղասպանութեան Իրողութիւնը․ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան
Զգօն պէտք է ըլլանք, որ որեւէ իշխանութիւն Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն դուրսը չհամարձակի խնդրոյ առարկայ դարձնել ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Հայաստանի […]
Արցախը Պէտք Է Մեր Ուշադրութեան Կիզակէտը Ըլլայ. Արմէն Թաշճեան
Նախորդող օրերուն Արցախ այցելեց Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմէն Թաշճեան: Արցախի մէջ բարեսիրական, զարգացման բազում ծրագիրներ իրականացուցած կազմակերպութիւնը 1990-ականներուն կը գործէր որպէս Արցախի օժանդակութեան մարմին, […]
Թեսաղոնիկէի Ձեռնարկներու Շարք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Առիթով
Թեսաղոնիկէի ձեռնարկներու շարք Ուրբաթ` 23 Ապրիլժամը 20.00-ինԿլոր սեղանի առցանց ելոյթ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնըկը կազմակերպէ կլոր սեղանի առցանց զրոյց նիւթ ունենալով՝ «Ապրում եւ յիշողութիւն. 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեանթողած հետքը արուեստին վրայ» […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին Նուիրուած Գեղարուեստական Առցանց Ելոյթ՝ Յունաստանի Մէջ
Գեղարուեստական առցանց ելոյթ նուիրուածՀայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի մշակութային յանձնախումբը կը ներկայացնէ առցանց գեղարուեստական յայտագիր՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին։ Ելոյթը պիտի սփռուի Ուրբաթ՝ 23 Ապրիլ 2021, երեկոյեան ժամը […]
Մենենտեզ Հայ Գերիներու Վերադարձի Հարցով Պաքուի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Կոչ Կ՛ընէ
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, դեսպան Վիքթորիա Նիւլընտի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալի պաշտօնին հաստատման լսումներուն ընթացքին, յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ բարձրացուց հայ ռազմագերիներուն վերադարձի հարց: Այս […]










