Որեւէ Իշխանութիւն Հայաստանի Մէջ, Թէ՝ Դուրսը Չհամարձակի՛ Խնդրոյ Առարկայ Դարձնել Ցեղասպանութեան Իրողութիւնը․ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Զգօն պէտք է ըլլանք, որ որեւէ իշխանութիւն Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն դուրսը չհամարձակի խնդրոյ առարկայ դարձնել ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն (ԳԱԱ) ներս՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ պատասխանատւութիւնը երէկ եւ այսօր» կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին։

«Ուրախ ենք նշելու, որ շատ երկիրներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են վերջին 5 տարուան ընթացքին։ Այս յաջողութեան համար պարտական ենք մեր ժողովուրդի յամառ պայքարին ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ, այդ պատճառով, ամէն տեսակ սխալ, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, թէ դուրսը այս հարցը նսեմացնելու, հարուած է բոլորիս դէմ։ Ատիկա պէտք է նկատել ամենակարեւոր ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր, որուն ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը մեր բոլորի մտքի եւ խղճի պարտքն է»,- ըսաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

ՀՅԴ-ի համար Հայ Դատի ոլորտը, բնականաբար, կարեւորագոյն ոլորտներէն է, որուն լծուած է իր համաշխարհային կառոյցով՝ նշեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը։ Երկար տարիներ տարբեր անուանումներով գործելէ ետք, ի վերջոյ, այսօր եկած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակի սահմանման։

Աշխարհով մէկ աշխատանքը կը ծաւալի՝ կեդրոնական գրասենեակներ ունենալով ԱՄՆ-ի մէջ երկու մասնաճիւղերու՝ Նիւ-Եորք-Պոսթըն առանցքը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային յանձնախումբերը, Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակը, Միջին արեւելքի կեդրոնական գրասենեակը եւ Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը։

Այս կեդրոնական գրասենեակներուն շուրջ համախմբուած է 35 շրջանային յանձնախումբ, տարբեր երկիրներու մէջ։ ՀՅԴ Բիւրոն կը մշակէ ընդհանուր ռազմավարութիւնը, ապա յանձնախումբերը մարտավարական առաջադրանքը կը կատարեն ըստ տեղական պայմաններու եւ առաջնահերթութիւններու։

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ըսաւ, որ ՀՀ անկախութենէն ետք՝ Հայ Դատի սահմանումը ունի 4 հիմնական ոլորտ։

Առաջինը եւ ամենակարեւորը անկախութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան իրազեկման՝ լոպպինկի, աշխատանքներն են ամբողջ աշխարհի մէջ, Արցախի Հանրապետութեան լոպպինկի աշխատանքն է, որուն մէջ, բնականաբար, մաս կը կազմէ ինքնորոշման իրաւունքի տարածման խնդիրը, եւ, ուր որ հնարաւոր է, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը։

Երկրորդը դասական օրակարգն է՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում եւ պահանջատիրութեան էջը։

«Այս ուղղութեամբ մեր նախաձեռնութիւնը շուրջ 2,5 տարի առաջ ստեղծած է Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոն, որուն հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը ուսումնասիրելն է եւ տեսնելը, թէ, մանաւանդ Եւրոպայի դաշտի մէջ, ինչ կարելի է ընել, որպէսզի այդ իրաւական բաժինը առաջ մղենք։ Նաեւ զբաղի Արցախի ճանաչման իրաւական հիմքերով»,- ըսաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

ՀՅԴ Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոնը այսօր կը զբաղի նաեւ գերիներու վերադարձի հարցով, եւ Եւրոպայի մէջ դատ բացած է Հայաստանի իրաւական փաստաբանական խումբի մը հետ, որպէսզի գերիներու վերադարձի պարտադրանքը ՀՀ կողքին նաեւ ինքը աջակցի, որ դառնայ իրականութիւն։

Երրորդ գլուխը կը վերաբերի հայապատկան հողերու վրայ գտնուող հայութեան իրաւունքներու խնդրին, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ըլլայ ատիկա Արեւմտեան Հայաստանի, թէ այլ երկիրներու մէջ՝ տեղ-տեղ որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, տեղ-տեղ որպէս իրաւական հիմք ունեցող համայնք այդ իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով։

«Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը ունի յատուկ իրաւունքներ, որ ժառանգած է Օսմանեան կայսրութենէն ետք ստեղծուած պետութիւններուն մէջ։ Այդ իրաւունքներուն հետապնդումն է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, ազգային փոքրամասնութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն է պոլսահայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքները, Ջաւախքի պարագան եւ Սփիւռքի մէջ նաեւ հայակերտումի խնդիրը»,- բացատրեց Յակոբ տէր-Խաչատուրեան։

Ան նշեց, որ իրենց համար հայապահպանումը ունեցածը պահպանելն է, իսկ հայակերտումը վերադարձի խնդիրը։

«Մենք այսօր ուրախ ենք տեսնելու, որ շատ շրջաններու մէջ, ուր կորուսեալ հայեր ունէինք, կամ անուանապէս մնացած հայեր, որոնք անունով ու ազգանունով միայն հայ էին, այսօր բաւական մեծ թիւով վերադարձ կայ դէպի հայութիւն, դէպի իրենց մշակոյթը, լեզուն, մէկ խօսքով՝ դէպի իրենց արմատները։ Այս օտարախօս երիտասարդութիւնը մեր շուրջ հաւաքելու, անոնց Հայաստանի եւ հայութեան դատին լծելու աշխատանքն է նաեւ, որ մաս կը կազմէ այս երրորդ ոլորտին»,- ըսաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

Իսկ չորրորդ հիմնական ոլորտը կը վերաբերի երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդրին, որպէսզի տարբեր երկիրներու մէջ, Սփիւռքի պարագային, հնարաւոր ըլլայ այդ երիտասարդութիւնը մղել քաղաքական կեանքի, քանի որ, Յակոբ Տէր-խաչատուրեանի խօսքով, երբեմն անհրաժեշտ է նաեւ բերդը ներսէն գրաւել՝ այդ տարբեր երկիրներու մէջ։

«Եւ ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ձեր ստորագրութիւնները կրող կոչ-խնդրագիրը, որ հասաւ Ուաշինկթըն՝ բաւական ազդեցիկ փաստաթուղթ հանդիսացաւ։ Սպիտակ տունը անդրադարձաւ անոր եւ մենք պիտի օգտագործենք այդ իրողութիւնը, որ ասիկա միայն ամերիկեան համայնքի պահանջք չէ, ասիկա համահայկական պահանջ է եւ, շեշտելով ԱՄՆ նախագահի ելոյթը, որ քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ, կայ որոշ լաւատեսութիւն, բայց 100 տոկոսով կանխատեսել, թէ այդ ելոյթին մէջ ինչ եզրոյթ պիտի գործածուի՝ հնարաւոր չէ»,- ըսաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․