Դիլիջանի Քաղաքային Զբօսայգին Բարեկարգուած է

Դիլիջանի քաղաքային զբօսայգին անճանաչելիօրէն փոխուած է: Նախապէս չխնամուելու հետեւանքով, սաղարթախիտ անտառի վերածուած այգին, այսօր արդէն էտուած ծառերով, կոկիկ նստարաններով եւ աղբամաններով, նոր խաղահրապարակով եւ ճեմուղիներով, արդիականացուած լուսաւորութեամբ նոր տեսք ունի: […]

ՀՀ Դատախազութիւնը Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Որոշումին Դէմ Բողոք կը Ներկայացնէ Վճռաբեկ Դատարան

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը, Օգոստոս 20-ին, բողոք կը ներկայացնէ Վճռաբեկ դատարան`  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու ՀՀ վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ գլխաւոր […]

Ակնարկ. Հանգուցալուծումները` Իրաւական Դաշտին Մէջ

«Ազդակ»-ի խմբագրական Վարչապետ Փաշինեան իւրայատուկ ձեւաչափ իրականացուց` համաժողովրդային հանրահաւաքին ներկայացնելով կառավարութեան անցած 100 օրուան ուղին եւ որոշակի նախանիշեր` հետագայ գործունէութեան: Քաղաքագիտական առումով քանի մը դիտարկային կէտեր կրնանք նկատել. Յայտարարելով ուղղակի […]

Զինուած Յարձակում Անգարայի ԱՄՆ Դեսպանատան Վրայ

Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան վրայ տեղի ունեցած է զինուած յարձակում մը։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական մամուլի մէջ տեղ գտած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Օգոստոս 20-ի առաւօտեան 05։00 սահմաններուն, Աթաթուրքի անուան պուրակի մօտէն անցնող […]

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընդմէջէն յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ […]

Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ 3 Տարուայ Ընդմիջումէն Ետք Դարձեալ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Երեք տարուայ ընդմիջումէ մը ետք՝ կրկին, Սեպտեմբեր 9-ին, Վանի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ խաչ եկեղեցիին մէջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Ինչպէս […]

Երիտասարդութիւնը Պիտի Գիտնայ, Որ Ինք Մեր Կեանքին Մէջ Կարեւոր Տեղ Ունի եւ Կոչուած է Ունենալու Առանցքային Դերակատարութիւն. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի աւարտը խորհրդանշող իբրեւ եզրափակիչ հանդիպում, Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ. Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները` ընկերակցութեամբ […]