Զինուած Յարձակում Անգարայի ԱՄՆ Դեսպանատան Վրայ

Աշխարհ

Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան վրայ տեղի ունեցած է զինուած յարձակում մը։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական մամուլի մէջ տեղ գտած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Օգոստոս 20-ի առաւօտեան 05։00 սահմաններուն, Աթաթուրքի անուան պուրակի մօտէն անցնող ինքնաշարժէն կրակ բացուած է ԱՄՆ դեսպանատան շէնքին ուղղութեամբ։ Վնասուած են դեսպանատան պահակակէտի պատուհանի ապակիները, զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։

Դեսպանատան շէնքին վրայ կրակ բացած ինքնաշարժին պետական համարանիշը յայտնի չէ, ոստիկանութիւնը կը փնտռէ կասկածեալները։

Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին թուրք–ամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական լարուած են։ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան եւ ՆԳՆ ղեկավարներու նկատմամբ` ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը կալանաւորելու պատճառով, ինչպէս նաեւ՝ 20 եւ 50 տոկոսով աւելցուցած է Թուրքիայէն ներկրուող ալիւմինիումի եւ պողպատի մաքսատուրքերը։ Իսկ Թուրքիան ալ կրկնապատկած է ԱՄՆ-էն ներկրուող որոշ ապրանքատեսակներու մաքսատուրքերը:

 

Leave a Reply