Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ 3 Տարուայ Ընդմիջումէն Ետք Դարձեալ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Էրկիր

Երեք տարուայ ընդմիջումէ մը ետք՝ կրկին, Սեպտեմբեր 9-ին, Վանի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ խաչ եկեղեցիին մէջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան՝ մինչ այժմ պատարագներ չեն մատուցուած անվտանգութեան որոշակի նկատառումներով։

Արդէն բազմաթիւ յայտեր ստացուած են զբօսաշրջական գործակալութիւններու կողմէ, իսկ հիւրանոցներու մէջ մարդիկ սկսած են ամրագրման գործընթացները։

Նախորդ տարիներուն մատուցուած պատարագներուն մասնակցած են բազմաթիւ մարդիկ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Նիտըրլանտներէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն։

Թեմային անդրադարձած է մշակոյթի Վանի առեւտրա-արդիւաբերական պալատի գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Պէյազը։

«Վանը կրնանք դարձնել Թուրքիոյ կրօնական (ուխտագնացային) զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Հայերն ալ ունին նման ակնկալիքներ»։

Ան նկատել տուած է, որ Սթամպուլէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի շատ երկիրներէ հայեր մեկնած են, որպէսզի մասնակցին պատարագին։ Իսկ Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է,- «Զբօսաշրջիկները հետաքրքրուած են այն եկեղեցիներով, ուր պատարագ կը մատուցուի։ Այդ իսկ պատճառով՝ այցելուներուն քանակը շարունակաբար կ՝աճի»։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն ունի:

 

Leave a Reply