Արցախ Այցելելուն Պատճառով՝ Ատրպէյճան Արգիլած է Մերգելի Կուսակցութեան Պատգամաւորին Մուտքը Իր Երկիր

Արցախ այցելելուն պատճառով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են Գերմանիոյ վարչապետի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ալպերթ Վայլերի մուտքը իրենց երկիր: Ըստ News.am-ի՝ այս մասին հաղորդած է Bild պարբերականը: Վայլեր Արցախ այցելած էր […]

Ամերիկացի Հաղորդավարը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրաւ Թրամփին

«Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարներէն Լիսա Քենետի-Մանթկամըրի կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութեանց վատթարացման ու ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը […]

Ուիլեըմ Սարոյեանի Չհրատարակուած Թատրերգութեանց Ներկայացումը Լոս Անճելըսի Մէջ

Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բեմականացուին Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարան «Թէյփըր» թատերասրահին մէջ, Սեպտեմբեր 15-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ Մրցանակակիր թատերագիր […]

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Յուշանուէրներ Յանձնեց «Ազդակ»-ի Եւ «Վանայ Ձայն»-ի Ընտանիքներուն

Օգոստոս 20-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ ու տոքթ. Իշխան Եղիայեանէ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ […]

Հայաստանի Տնտեսութեան Բոլոր Ճիւղերուն Մէջ Երկնիշ Աճ Արձանագրուած է

ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան  (ԱՎԾ) Օգոստոս 20-ի տուեալներով՝ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներուն կազմած է 104.3 տոկոս (954,567 միլիոն դրամ), իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ 104.6 տոկոս (363,234  […]

Սուրիոյ Նախագահին Հրամանով Հալէպի Մէջ Վարժարան մը Կը Վերանուանուի Սուրիահայ Նահատակ Զինուորին Անուամբ

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը կը վերանուանուի սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ, 5 Օգոստոս 2018-ին: Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ասատ, […]

Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ Կը Նշանակուի Ֆրեզնոյի Հայագիտականին «Գազան» Հիմնարկի Այցելու Դասախօս

ՖՐԵԶՆՕ.- Շնորհիւ Հենրի Գազանճեան–Գազան հիմնարկի հաստատած հիմնադրամին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն։ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ 2018-2019 համալսարանական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին, Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, որ ուսումնասիրած […]

Ռոպերթ Քոչարեանի Առանձնատան Եւ Գրասենեակին Մէջ Խուզարկութիւն Կատարուած է

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին պատկանող տարածքներու մէջ խուզարկութիւն կատարուած է: Այս մասին կը յայտնեն Յատուկ քննչական ծառայութենէն: «Մարտ 1-ի գործի ծիրէն ներս խուզարկութիւն կատարուած է Ռոպերթ Քոչարեանի առանձնատան ու […]

Յորդառատ Անձրեւի Հետեւանքով Արտակարգ Իրավիճակ Ստեղծուած է Արմաւիր Մարզին Մէջ

Յորդառատ անձրեւի հետեւանքով Օգոստոս 19-ին արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է ՀՀ Արմաւիրի մարզի Շէնիկ, Քարակերտ եւ Դալարիկ համայնքներուն մէջ․ անձրեւի ջուրը ողողած է մշակովի հողատարածքները, խաղողի այգիները, լեցուած բնակելի տուներու նկուղները […]