Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Մտաւորականին Թուրքիան Ներառած է Վտանգաւոր Յանցագործներու Ցուցակին Մէջ

Թրքական «Belge» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, «Özgür Gündem» լրատուամիջոցի սիւնակագիր յայտնի իրաւապաշտպան, մտաւորական Ռագըփ Զարաքօլու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ներառուած է հետախուզման մէջ գտնուող առաւել վտանգաւոր յանցագործներու ցանկին` «կարմիր ցուցակ»-ին մէջ: Այս որոշումը […]

Հայաստան Ներգրաւուած է Բրիտանական Խորհուրդի Creative Spark Ծրագրին Մէջ

Creative Spark («Ստեղծարար միտք») խորագիրով ծրագրի իրականացման ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 4-ին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մշակոյթի նախարար […]

Կառավարութիւնը Հաստատեց Հանրային Խորհուրդի Կազմը

Կառավարութիւնը ընդունեց որոշում, որով կը նշանակուին Հանրային խորհուրդի անդամներ: Որոշումը կառավարութեան չզեկուցուող հարցերու շարքին էր: Ըստ որուն, Հանրային խորհուրդի անդամներ կը նշանակուին` Վազգէն Մանուկեանը, Արմէն Տէր Տաճատեանը, Անահիտ Աղոյեանը, Կառլոս […]

Երկրորդ Երեխայի Ծննդեան Նպաստը Պիտի Եռապատկուի

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը եռապատկելու մասին հարցին: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան նշեց, որ առաջարկուող որոշումի նախագիծով երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը […]

Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989). ­Բազ­մա­վաս­տակ ու Մե­ծար­ժէք Հա­յա­գէ­տը

Նազարէթ Պէրպէրեան Հա­յա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թեան տէր՝ բազ­մա­վաս­տակ հե­ղի­նա­կու­թիւն է փրո­ֆե­սոր Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեա­ն, ո­րուն ծննդեան 122րդ տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Սեպ­տեմ­բեր 5ի այս օ­րը։ Բա­նա­սէր ու պատ­մա­բան, յատ­կա­պէս բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան եւ հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան […]

Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատարագին Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը

Սեպտեմբեր 9-ին երեք տարուան ընդմիջումէն ետք Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կրկին պատարագ պիտի մատուցուի: Պատարագին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Նախարար Էրսոյի մասնակցութիւնը Հայ առաքելական […]

Գէորգ Յակոբեան Պիտի Ներկայացնէ Պոլսահայ Ուսումնական Կեանքին Նուիրուած Իր Հատորը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ Պ. Յակոբեան  Սեպտեմբեր 13 -ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։ Մուտքը ազատ է: «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ […]