Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Մտաւորականին Թուրքիան Ներառած է Վտանգաւոր Յանցագործներու Ցուցակին Մէջ

Աշխարհ

Թրքական «Belge» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, «Özgür Gündem» լրատուամիջոցի սիւնակագիր յայտնի իրաւապաշտպան, մտաւորական Ռագըփ Զարաքօլու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ներառուած է հետախուզման մէջ գտնուող առաւել վտանգաւոր յանցագործներու ցանկին` «կարմիր ցուցակ»-ին մէջ:

Այս որոշումը առնուած է Զարաքօլուի` 7 տարի առաջ ունեցած ելոյթի մը պատճառով յարուցուած  քրէական գործի ծիրէն ներս: Ան կը մեղադրուի ահաբեկչական կազմակերպութեան սատարելու մէջ, կը փոխանցէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Թուրքիա  պահանջած է արտայանձնել այժմ Շուէտ բնակող մտաւորականը:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող Զարաքօլու 2011-ի Հոկտեմբերին կալանաւորուած է վերոնշեալ մեղադրանքով, սակայն 2012-ի Ապրիլին  ազատ  արձակուած է,  իսկ 2013-ին տեղափոխուած է Շուէտ:

Թեմային շուրջ Զարաքոլու թրքական «Evrensel» պարբերականին յղած նամակին մէջ ըսած է. «Ըստ էութեան որոշ մարդոց դարձեալ անհանգստացուցած են իմ յօդուածները, ինչպէս նաեւ այն, որ ես կը շարունակեմ աջակցիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան ու կը պաշտպանեմ խաղաղութիւնը: Թող անհանգստնան: Իսկ մենք կը շարունակենք մեր ճանապարհը»:

Յիշեցնենք, որ թուրք հրատարակիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռագըփ Զարաքոլու 2011-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան մետալով` որպէս հրատարակչական մեծ գործունէութիւն ծաւալող անձ, որ նաեւ տասնեակ գիրքեր նուիրած է Ազգային գրադարանին: