Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը Մշակոյթներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Հանդիպման Խաչմերուկ է. Աւանը Պաշտօնապէս Բացուեցաւ

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը: «Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ:  ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած […]

Փրակայի Մէջ Հայերէն Ձեռագիրներու Ցուցահանդէս Բացուած է

Փրակայի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի Աստուածաբանական դահլիճին մէջ, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն եւ շքեղ գրադարաններէն մէկը, Հոկտեմբեր 8-ին, տեղի ունեցած է «Հնագոյն քրիստոնեայ ազգի գանձերը. հոգեւոր արուեստը եւ երաժշտութիւնը միջնադարեան ձեռագիրներուն […]

ԱՄՆ Հայաստանին Ուղղուող Աջակցութեան Ծաւալները Կ՝աւելցնէ

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, Հոկտեմբեր 9-ին, յայտարարեց Հայաստանին ուղղուող ԱՄՆ աջակցութեան ծաւալներու յաւելումին մասին: Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ վերջերս, Միացեալ Նահանգները, քաղաքական անցման հետ կապուած հայաստանեան նախաձեռնութիւններուն […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ եւ Քաղաքագէտներ

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած գրողներն ու քաղաքագէտները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ` Հոկտեմբեր 9-ին հիւրընկալուելով Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս: «Պիտի ներկայացնեմ «Աշխարհիկութեան խորհրդաւորութիւնը» […]

Բակօ Սահակեան Առաջնագիծի Վրայ Զինուորներու Ծառայութեան Ընթացքին Ծանօթացած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 9-ին, այցելած է Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հարաւային հատուած, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած […]

ԱՄՀ-ն Զգալի Չափով Բարելաւած է ՀՀ Տնտեսական Աճի Կանխատեսումը

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) բարելաւած է ՀՀ տնտեսութեան աճի 2018-ի կանխատեսումը 3.4%-էն մինչեւ 6%: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, նշուած է ԱՄՀ համաշխարհային տնտեսութեան (Challenges to Steady Growth) Հոկտեմբեր ամսուան տեսութեան մէջ: ԱՄՀ-ն նաեւ 3.5%-4,8%-ի հասցուցած է 2019-ի ՀՆԱ […]

Սուրիոյ Նախագահը Զինուորական Ծառայութենէն Փախուստ Տուողներուն Համաներում Շնորհելու Հրամանագիր Ստորագրած է

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Երեքշաթբի, 9 Հոկտեմբերին հրապարակեց 2018-ի -18- թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրը, որուն համաձայն համաներում շնորհեց բոլոր անոնց, որոնք նախքան 9 Հոկտեմբեր 2018-ը, երկրէն մեկնելով կամ երկրին մէջ […]

Վանդալութիւն Վրաստանի Մէջ Հայոց Պատմական Եկեղեցւոյ Նկատմամբ

Վրաստանի մէջ տարբեր պատճառներով կը շարունակուին դարերու ընթացքին Հայ համայնքին կողմէ կառուցուած եկեղեցական շինութիւններէն հայկական հետքը վերացնելու գործողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianchurch.ge-ն։ Դեռ 2014 Դեկտեմբեր 10-ին, Վրաստանի այն ժամանակուան վարչապետ Իրագլի Ղարիպաշվիլիին […]