Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ եւ Քաղաքագէտներ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած գրողներն ու քաղաքագէտները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ` Հոկտեմբեր 9-ին հիւրընկալուելով Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս:

«Պիտի ներկայացնեմ «Աշխարհիկութեան խորհրդաւորութիւնը» գիրքը, որուն մէջ կը խօսիմ, թէ ինչպէս կրօնական գաղափարախօսութիւնը կամաց-կամաց կը վերածուի աշխարհաքաղաքական մտածողութեան: Յստակ կը պատմեմ, թէ ինչպէս այդ գաղափարախօսութեան մաս կը դառնն Ամերիկան, Անգլիան եւ այլ երկիրներ: Գիրքը թարգմանուած է քանի մը լեզուով, եւ անոր մասին յօդուածներ գրուած են տարբեր երկիրներու մէջ»,- ըստ Armenpress.am-ի` նշած է չորս գիրքի հեղինակ Եուսէֆ Հինտի:

Քաղաքագէտ, դասախօս էմանուէլ Լըրուա ըսած է, որ ընկերներուն հետ եկած է Հայաստան: «Արդէն ութերորդ օրն է, որ այստեղ եմ: Հայաստանը շատ փոքր երկիր է, բայց մարդիկ մեծ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ են: Ամենայն անկեղծութեամբ կ՝ըսեմ, որ մեծ ժողովուրդ էք, քանի որ հազարամեայ պատմութեան կրողներ էք եւ հնդեւրոպական երկիրներու ակունքն էք»,- ընդգծած է ան:

Լըրուա աւելցուցած է, որ չափազանց կարեւոր է նաեւ այն փաստը, որ հայերը եղած են առաջինը, որ ընդունած են քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: «Ես մեծ հաճոյքով եկած եմ այս հնադարեայ երկիր, որպէսզի զայն ճանչնամ եւ իմ հնարաւորութիւններուն չափով աջակցիմ պահպանելու ձեր մշակոյթը»,- եզրափակած է քաղաքագէտը:

Հանդիպումը իրականացած է Ֆրանսայի Արշակ Չօպանեանի անուան ուսումնարանի եւ «Սիժեստ» հրատարակչութեան հրաւէրով: