ԱՄՆ Հայաստանին Ուղղուող Աջակցութեան Ծաւալները Կ՝աւելցնէ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, Հոկտեմբեր 9-ին, յայտարարեց Հայաստանին ուղղուող ԱՄՆ աջակցութեան ծաւալներու յաւելումին մասին:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ վերջերս, Միացեալ Նահանգները, քաղաքական անցման հետ կապուած հայաստանեան նախաձեռնութիւններուն աջակցելու նպատակով 14 միլիոն ԱՄՆ տոլարի յաւելեալ արտաքին աջակցութեան միջոցներ տրամադրած է Հայաստանին, իսկ յառաջիկայ տարուան ընթացքին՝ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է տրամադրելու աւելի քան 26 միլիոն ԱՄՆ տոլար` 2018 ֆինանսապիւտճէթային տարուան արտաքին աջակցութեան միջոցներէն, որ 20 միլիոն տոլարով աւելի է՝ յայտով Հայաստանի համար սկզբնապէս պահանջուած ֆինանսաւորումէն:

Այս միջոցները պիտի օժանդակեն քաղաքական գործընթացներու հետ կապուած գերակայ ծրագիրներուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ ԶԼՄ-ներուն: Այդ միջոցները նաեւ պիտի ուղղուին Վարչակազմի կողմէն իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւն սահմանուած գործարար եւ առեւտրային հնարաւորութիւններու ընդլայնման՝ ամերիկեան եւ հայկական ընկերութիւններու համար, ինչպէս նաեւ աջակցելով ուժանիւթի բարեփոխումներուն, նաեւ Հայաստանի արագ քայլերով աճող տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին:

Հայաստանին ցուցաբերուող ԱՄՆ աջակցութիւնը կը ներառէ երկկողմ համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւնները, ինչպէս՝ կառավարում, թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն, քաղաքական ներառում, օրէնսդրական հզօրացում եւ տեղական ինքնակառավարման բարեփոխումներ: Հայաստանի քաղաքական անցման աջակցելու համար՝ այս ծրագիրները պիտի օգնեն վերակառուցելու բազմակուսակցական քաղաքական համակարգերը եւ պիտի նպաստեն ազատ ու արդարացի ընտրութիւններուն: Աջակցութիւնը նաեւ կ՝ուղղուի քաղաքացիական հասարակութեան հզօրացման ու անկախ ԶԼՄ-ներու հասանելիութեան բարելաւման:

Տնտեսական աճի ասպարէզէն ներս՝ ծրագիրներու ծիրէն ներս փորձ կը կատարուի կայուն ու ընդգրկուն տնտեսական աճ ապահովելու՝ աջակցելով տնտեսութեան աճի բարձր ներուժ ունեցող ճիւղերուն, նպաստելով աշխատուժի կատարելագործման եւ խթանելով նորարարութիւնը: Աջակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ ուժանիւթի շուկայի ազատականացման բարեփոխումներու եւ միջսահմանային առեւտուրի ու ընդելուզման հարցերուն: