Սուրիոյ Նախագահը Զինուորական Ծառայութենէն Փախուստ Տուողներուն Համաներում Շնորհելու Հրամանագիր Ստորագրած է

Աշխարհ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Երեքշաթբի, 9 Հոկտեմբերին հրապարակեց 2018-ի -18- թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրը, որուն համաձայն համաներում շնորհեց բոլոր անոնց, որոնք նախքան 9 Հոկտեմբեր 2018-ը, երկրէն մեկնելով կամ երկրին մէջ ապրելով հանդերձ, զինուորական ծառայութենէն փախուստ տուած են եւ 1950-ին հրապարակուած -61- թուակիր զինուորական քրէական օրէնսգիրքին համաձայն յանցագործ համարուած: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք արդարադատութեան կողմէ եւս պահանջուած են, սակայն չեն ներկայացած, համաներման ենթակայ կ՛ըլլան, եթէ, ներքին փախստականներու պարագային, դատարան ներկայանան 4 ամսուան ընթացքին, իսկ երկրէն դուրս փախչողներուն պարագային՝ 6 ամսուան ընթացքին:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ հրամանագիրը կը նախատեսէ նաեւ համաներում շնորհել զինուորական ծառայութեան 2007-ի -30- թուակիր օրէնքին համաձայն ճշդուած քրէական յանցագործներուն եւ զերծ կացուցանել զիրենք նախատեսուած տուգանքներէն: