Նիկոլ Փաշինեան Կը Հանդիպի Պելճիքայի Հայազգի Գործարարներու Հետ

Պելճիքա աշխատանքային այցելութեան առաջին օրուան աւարտին՝ 4 Մարտի երեկոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ հայ համայնքի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն ադամանդագործութեան, անշարժ գոյքի, բեռնափոխադրութեան ոլորտներուն մէջ: Հանդիպումը […]

Ատրպէյճան Իր Հակահայկական Քարոզչութեան Մէջ Կ՝ընդգրկէ Տխրահռչակ Քոնկրէսական Հէյսթինկսը

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան      Ֆլորիտայէն դեմոկրատ քոնկրէսական Էլսի Լ. Հէյսթինկս ատրպէյճանական քարոզչութեան ամենավերջին խօսափողն է։ Ան 2019 Փետրուար 25-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, զայն […]

«Մայսթրօ Մանսուրեան» Ֆիլմի Անդրանիկ Ներկայացումը Երեւանի Մէջ (տեսանիւթ)

«Մոսկվա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ, Մարտ 5-ի երեկոյեան կայացաւ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի «Մայսթրօ Մանսուրեան» վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը։ Բեմադրիչ Հայկ Մկրտչեանի «Մայսթրօ Մանսուրեան» ֆիլմը նուիրուած է երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին։ Անիկա […]

Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Թուրքիոյ Շնորհուած Առեւտրական Նախապատուութիւնները Ետ Խլելու Ուաշինկթընի Քայլը

Յոյն-Ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Թուրքիոյ շնորհուած առեւտրական նախապատուութիւնները ետ խլելու Ուաշինկթընի 4 Մարտի որոշումը, զայն ամերիկեան շահերը պաշտպանող քայլ մը նկատելով։ Նշեալ […]

Լիբանանահայ Լրատուադաշտի Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով` Հայաստանի դեսպանատան մէջ` երէկ, յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններու եւ գլխաւոր խմբագիրներու հետ: […]

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հիւրընկալեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանը

Երեքշաբթի, 5 Մարտին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի առաջնորդած պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ: […]

«Կիլիկիա» Թանգարանը Շուտով Պիտի Վերանորոգուի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, 5 Մարտ 2019-ին, Կաթողիկոսարանի ճարտարապետները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Հանդիպման ընթացքին ճշդուեցան թանգարանի վերանորոգման ու վերադասաւորման առնչուած աշխատանքներու ընթացքը: Յայտնենք, որ […]

Հայաստանի եւ Արցախի Պատմութեան ու Մշակոյթին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Էսթոնիոյ Մէջ

Էսթոնիոյ ազգային գրադարանէն ներս, Մարտ 1-ին բացուած է Հայաստանի եւ Արցախի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ ցուցահանդէս մը : ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը տեղեկացուցած է, […]