«Մայսթրօ Մանսուրեան» Ֆիլմի Անդրանիկ Ներկայացումը Երեւանի Մէջ (տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Հայաստան

«Մոսկվա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ, Մարտ 5-ի երեկոյեան կայացաւ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի «Մայսթրօ Մանսուրեան» վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը։

Բեմադրիչ Հայկ Մկրտչեանի «Մայսթրօ Մանսուրեան» ֆիլմը նուիրուած է երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին։ Անիկա կը ներկայացնէ մեծ երաժշտահանի ստեղծագործական գործունէութիւնը՝ ընդգրկելով տարբեր երկիրներու մէջ իրականացած անոր աշխատանքները, որոնց շնորհիւ՝ աշխարհահռչակ երաժիշտներու կողմէ՝ կը բացայայտուի Տիգրան Մանսուրեան երաժշտահանն ու անոր մարդ տեսակը։

«Մայսթրօ Մանսուրեան» ֆիլմի ստեղծման ու հանրայնացման աջակցած են ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի մէջ «Գյոթե կենտրոն»-ը, «Մոսկվա» շարժանկար-թատերասրահը, իսկ տեղեկատուական հովանաւորը եղած է ArmeniaON.com լրատուականը։ Ֆիլմը կեանքի կոչուած է «Մշար» մշակութային կեդրոնին կողմէ։