Հայաստանի եւ Արցախի Պատմութեան ու Մշակոյթին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Էսթոնիոյ Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Էսթոնիոյ ազգային գրադարանէն ներս, Մարտ 1-ին բացուած է Հայաստանի եւ Արցախի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ ցուցահանդէս մը :

ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը տեղեկացուցած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած գիրքերը ՀՀ դեսպանութեան կողմէն նուիրաբերուած են Էսթոնիոյ: Սոյն գիրքերը էսթոնացի ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տան ծանօթանալու Հայաստանի եւ Արցախի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան, ճարտարապետութեան, աշխարհագրութեան, պատմութեան տարբեր դրուագներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ գրականութեան:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին՝ ՀՀ դեսպանութիւնը Էսթոնիոյ ազգային գրադարանին նուիրաբերած է աւելի քան 50 գիրք: Պալթեան միւս հանրապետութիւններուն` Լիթվիոյ եւ Լաթվիոյ ազգային եւ համալսարանական գրադարաններուն հետ եւս հաստատուած է սերտ, պարբերական բնոյթ կրող գործակցութիւն:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 31: