Author: Areky
Մամետեարով Վրացի, Ատրպէյճանցի Եւ Թուրք Խորհրդարանականներու Հետ Քննեց Արցախի Հարցը
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Յուլիս 16-ին, Պաքուի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու ղեկավարներուն այցելութիւնը եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի հակամարտութիւնը: Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ […]
Մասնակցութիւն Հայաստանի Վարժարաններու «Առողջ Ապրելակերպ» Դասագիրքի Արդիականացման Ծրագիրին
Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի հանրային վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ սկսած է գործածուելու «Առողջ Ապրելակերպ» դասագիրքը, որուն գիտելիքները միջազգային մակարդակներու հասցնելու ջանքերուն գործնական մասնակցութիւնը […]
Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողներու Կեցութիւնը Ապահովուած Է
Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարեց, որ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակցողներուն համար Արցախի մէջ ապահովուած են պանդոկներու մէջ սենեակներ: Կոմիտէն կ՛իրականացնէ 2000-2500 անձերու տեղաւորման հարցին լուծումը: «Հիւրերու […]
Չենք Կրնար Հրաժարիլ Իրանեան Կազէն, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան
Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 15-ին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն […]
Վենետիկի Յանձնաժողովը Բեղմնաւոր Կը Գնահատէ ՀՀ Իշխանութիւններուն Հետ Գործակցութիւնը. Յայտարարութիւն
Վենետիկի յանձնաժողովը բեղմնաւոր կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը, իսկ դատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կարծիք պիտի ներկայացնէ, երբ պատրաստ ըլլան ՀՀ դատական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշուած է յանձնաժողովի […]
ՀՀ Այցելած Օտարերկրացիներուն Թիւը Աւելցած է 14.4%-ով
Այս տարուան առաջին 6 ամսուան ընթացքին Հայաստան ժամանած է 14.4 տոկոսով աւելի օտարերկրացի, քան 2018 թուականի առաջին 6 ամիսը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Զբօսաշրջութեան եղանակը, […]
ՀՀ Լեզուի Կոմիտէն Համացանցի Պաշտօնական Կայք Պիտի Ունենայ
ՀՀ Լեզուի Պետական Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած բազմաբնոյթ […]
Turkish Anti-Armenian Lobbying Extends to City of Armenia in Colombia
By Harut Sassounian The Breitbart website published an article by Frances Martel describing the Turkish lobbying efforts in the Colombian City of Armenia which was founded in 1889 and originally […]
ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահ Արա Թորանեանը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 16-ին, ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, «Nouvelles d’Armռnie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանը: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը […]
Աղէտի Գօտիի Բնակարանային Խնդիրներու Լուծման Նպատակով Կառավարութիւնը 3 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, այսօր տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ կառավարութեան ընելիքները: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ […]










