Հայաստանի Անկախութեան Վերահաստատման Տարեդարձին Առիթով. Իսկական Հայրենակերտում՝ Խօսքէն Ու Իտէալէն Անդին

Ս. Մահսէրէճեան Հայկական Զարթօնք, մշակութային եւ քաղաքական վերածնունդ, ստրկատիրական վիճակէ դուրս գալու ինքնավարութեան պայքար, հուսկ յետոյ անկախ պետութիւն կերտելու կամք ու իրագործումներ՝ ահա թէ ինչպիսի պատմական եղելոյթներու գումարն է Հայաստանի […]

Հանրապետական Մաղթանք Հայաստանի Վերանկախութեան 28-ամեակին Առիթով

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած Հայաստանի վերանկախութեան 28-ամեակին։ […]

Հայամէտ Քոնկրեսականներ Նշանակուեցան Արցախի Վերաբերող Առաջարկներուն Ճակատագիրը Վճռող Յանձնախումբին Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020ի ռազմական ամավարկին համար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան առաջադրած տարբերակները համակարգելու յատուկ յանձնախումբին անդամ նշանակեց […]

Սիրոյ Սեղանով Եզրափակուեցան Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակի Եւ Այնճարի 80-ամեակի Ձեռնարկները

Եզրափակելով Մուսա Լերան հերոսամարտի 104-ամեակի ոգեկոչման եւ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկները` Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Այնճարի «Արեւ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ձեռնարկի հանդիսավար Համազգայինի […]

Կոչ Զգաստութեան.- Մի՛ Անտեսէք Կարմիր Լոյսերը

Ս. Մահսէրէճեան Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ վերջին օրերուն արձանագրուեցան քանի մը շռնդալից զարգացումներ, որոնք արդար կամ չափազանցեալ մեկնաբանութիւններու, հիմնաւորեալ կամ կամայական վերագրումներու աղբիւր դարձան։ Ոստիկանապետ Օսիփեանի, ապահովութեան սպասարկութեան տնօրէն Վանէցեանի […]

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատուեց Փոքր Ասիոյ Աղէտի Յոյներու Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Ա­տի­կէի մարզ­պե­տու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Գաղ­թա­կա­նա­կան միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի՝ 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019-ին, հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ, ուր հրա­ւի­րո­ւած էր մաս­նակ­ցե­լու Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը։ Յոյն […]

Տուպայի Պուրճ Խալիֆան Հայաստանի Ազգային Դրօշի Գոյներով Պիտի Լուսաւորուի

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, Սեպտեմբեր 21-ին, ժամը 21:10-ին, Տուպայի Պուրճ Խալիֆան առաջին անգամ ըլլալով պիտի լուսաւորուի Հայաստանի ազգային դրօշի գոյներով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ՀՀ […]