Կոչ Զգաստութեան.- Մի՛ Անտեսէք Կարմիր Լոյսերը

Uncategorized, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ վերջին օրերուն արձանագրուեցան քանի մը շռնդալից զարգացումներ, որոնք արդար կամ չափազանցեալ մեկնաբանութիւններու, հիմնաւորեալ կամ կամայական վերագրումներու աղբիւր դարձան։

Ոստիկանապետ Օսիփեանի, ապահովութեան սպասարկութեան տնօրէն Վանէցեանի հրաժարականները (մէկը միւսէն տարբեր կաղապարով ու երեւութապէս տարբեր ելքով, եւ որոնց, կþըսուի թէ, կրնան յաջորդել ուրիշներ), նախկին նախագահ Քոչարեանի դատավարութեան հարցը, Ամուլսարը, Սահմանադրական դատարանի ու անոր այս կամ այն անդամին օրինականութեան-ապօրինութեան մասին տեսակէտներու աճուրդը կազմեցին գլխաւոր խորագիրները, նոր բեմեր բացին բանավէճերու, փոխադարձ մարտահրաւէրներու եւ մինչեւ իսկ սպառնալիքներու շղթայազերծման առջեւ, քանի մը աստիճան եւս լարելով արդէն իսկ ծանրացած մթնոլորտը եւ նոր խորացումի տանելով այն վիհը, որ բացուած է քաղաքական հակադիր կողմերու, ժողովուրդի շերտերուն միջեւ. իսկ վիհը չէ բացուած միայն «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, այլ անիկա «փորուելու» սկսած էր վաղուց, լծակցութեամբ նախկին իշխանաւորներուն եւ ընդդիմադիրներուն՝ կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ։

Նպատակ չունինք մտնելու հին ու նոր բանավէճերուն եւ վայրկեան առ վայրկեան հրապարակ նետուող մեկնաբանութիւններուն մէջ, ո՛չ ալ փնտռել, թէ ո՞վ է իրաւացին, ո՞վ՝ անարդարը։ Փաստօրէն, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իշխանութեան ղեկը ձեռքին ունեցող իշխանաւոր խմբակը հրապարակ կու գայ այն ինքնավստահութեամբ, թէ անցեալ տարուան ապրիլեան շարժումին ճամբով, ժողովուրդէն ստացած է լիազօրութիւն եւ, օրինական իշխանութիւն ըլլալու հանգամանքով՝ կրնայ եւ պարտի ընել այն՝ ինչ որ կը նկատէ ճիշդ եւ նպատակայարմար, որպէսզի հաշուետուութեան բերէ անցեալի իշխանաւորները, «մենաշնորհեալներ»ը եւ մասամբ նորին։ Հակադիր ճակատը իշխանութիւնը կը մեղադրէ, թէ՝ իրեն տրուած լիազօրութիւնն ու հեղինակութիւնը կþենթարկէ կամայական ու միականի մեկնաբանութեան, ընդհանրապէս կþարհամարհէ իր հայեցակէտէն այլ կարծիք, մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ բացուած արդար պայքարը դուրս հանած է իր հունէն, կþուղղուաի դէմպ միակուսակցականութիւն-մենատիրութիւն, աւելի՛ն, նպաստ չէ բերած իրականացման այն խոստումներուն ու հաւաստիքներուն, որոնք բարձրացուցած էր շարժումին սկզբնաւորման փուլին, գոնէ հակադրութիւնները մեղմելու, հանդուրժողութիւն իրականացնելու եւ երկիրը, անցեալին պատանդը պահելու փոխարէն՝ դէպի յառաջ տանելու բաժիններուն։ (Կարելի է թուել նաեւ հակադիր տեսակէտներէն շատ աւելին)։

Եթէ ընդհանուր պատկերը պահ մը դիտենք իշխանաւոր-հակադիրներ շրջագիծէն վեր բարձրանալով՝ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի մտահոգիչ համայնապատկեր մը. կարծէք, թէ մէկէ աւելի գիծերու վրայ, մէկէ աւելի շոգեկառքեր կը սուրան դէպի… անխուսափելի բախման կէտ մը. իւրաքանչիւրը իր ճեպընթացի սլացքին համար կը փնտռէ եւ կը վկայակոչէ հիմնաւորումներ ու արդարացումներ։ Բազմաճիւղ երկաթուղիներուն վրայ մերթ ընդ մերթ կþերեւին կարմիր լոյսեր, սակայն կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, թէ վարորդները վճռած են անտեսել զգուշացման, զգաստութեան հրաւէրները եւ կը սուրան ընդդէմ հակառակորդին(ներուն), այն ինքնավաստահութեամբ, թէ իր վայրաշարժը աւելի՛ ուժեղ է դիմացին(ներ)էն եւ կրնայ խորտակել-անցնիլ ամէն հակառակորդ։ Կարծէք թէ մոռցուած է, որ յաղթանակողը չի կրնար անբիծ-անվնաս դուրս գալ նման ընդհարումէ, իսկ ամէնէն մեծ վնասողը կþըլլան… հայրենիքը, ժողովուրդը եւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆը, որուն պաշտպանը եւ մարմնացումը ըլլալ կը յաւակնի իշխանութիւնը, որուն ամրակայման նոյնպիսի նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն ճակատաբաց հակադիրները։

Թէ նման ընթացքէ մը երկրին, պետութեան ու ժողովուրդին հասնելիք վնասներուն (եթէ չհաշուենք ցարդ հասածը) պատասխանատուութեան որքա՞ն բաժինը պիտի իյնայ իշխանութեան, որքա՞նը՝ ընդդիմադիրներուն ուսերուն, ըստ ամենայնի երկրորդական է, որովհետեւ առաւել կամ նուազ՝ ինքզինք իրաւացի եւ հակառակորդը անիրաւ հռչակող իւրաքանչիւր կողմ պիտի ունենայ յանցանքի ու պատասխանատուութեան ի՛ր բաժինը, որքան ալ որ փորձէ մեղադրանքներ շռայլել դիմացի՛ կողմին։

Ժողովուրդը իշխանութիւնը կը լիազօրէ՝ իր ու երկրին վիճակը բարելաւելու, խարխափումներէ դուրս բերելու եւ դէպի յառաջ շարժելու արդար ակնկալութեամբ։ Ժողովուրդը նոյնպիսի պահանջկոտութեամբ կը սպասէ, որ իշխանութիւնը մեղադրողը՝ ընդդիմադիրը, ի՛նք ալ չանցնի կարմիր գիծերէ անդին, այլ կեդրոնանայ շինիչ քննադատութեան իր իրաւունքի սահմաններուն մէջ, որպէսզի տեղի չունենայ շոգեկառքերու աւերիչ բախում, բայց մանաւանդ երկիրն ու պետութիւնը զերծ մնան աւերիչ հետեւանքներէն։

Ժողովուրդը արդա՛րօրէն իրաւասու է արթնութեան, զգաստութեան եւ իրա՛ւ արդարամտութեան կոչ ուղղելու թէ՛ իշխանութեան եւ թէ անոր հակադրուողներուն, իսկ այս հրաւէրը աւելի՛ եւս հնչեղ կը դառնայ, եթէ հակադիր «խմբավարներ»ը իրենց գլուխները դուրս բերեն ներքին փոթորիկներու ոլորտէն եւ շրջահայացութիւնը ունենան տեսնելու, թէ ինչե՜ր տեղի կþունենան Հայաստանի սահմաններէն անդին, մօտակայ եւ հեռակայ գօտիներու, եւ ո՛չ միայն Թուրքիա-Ազրպէյճան ու յարակից ոլորտներու մէջ, փոթորիներ՝ որոնք «Տորիըն» մրրիկին պէս կարճ ժամկէտով սպառնալիքներ չեն միայն, այլ կրնան նա՛եւ մեր հայրենիքին դուռները բանալ պղտոր ջուրի մէջ որսալու վարպետ՝ «հինգերորդ զօրասիւններու» առջեւ։ Եւ թող ո՛չ ոք իրեն իրաւունք տայ կոյր ու խուլ ձեւանալու, թէ անցեալ տասնամեակներուն նման արկածախնդիրներ, աւելի՛ն, այլոց հաշիւներուն լծկան վարձկաններ աւերիչ նախաձեռնութիւններու չեն դիմած Հայաստանի մէջ (այլուրն ալ կը շահագրգռէ մեզ)։ Այսօրուան ամէնէն սուր բանավէճերուն տուն տուող հարցերուն մէջ իսկ կարելի է փնտռել նման վարձկաններու դերակատարութիւնը, ու չի բաւեր ինքնաչքմեղանքի դիմելը՝ ըսելով թէ «ես անանկ գործ չեմ ըրած, չեմ ըներ»։

Կարմիր լոյսերը հաւասարապէս բացուած են բոլորին աչքերուն դիմաց. ո՛չ մէկը իրաւունք ունի իր վայրաշարժը դէպի բախում տանելու՝ վաղը դիմացինը յանցաւոր գտնելու կանխայաւակնութեամբ։

Ժողովուրդն ու հայրենիքը վեր են որեւէ իշխանութենէ կամ անոր արդարօրէն կամ անարդարօրէն հակադրուող ուժերէ, որովհետեւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ կը մարմնաւորուի բոլորով, յառաջ կþընթանայ ազնիւ մրցակցութեամբ, եւ ոչ թէ փոխադարձ լուտանքներով ու զիրար ոտնատակ տալու յոխորտանքներով։ Իշխանութիւնը չի պատկանիր միայն ղեկին վրայ կանգնողին, այլ նաեւ՝ ընդդիմադիրին ու փոքրամասնութեանց, անոնք ըլլան խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական։ Առանց մէկուն կամ միւսին, հայրենիքը կը մնայ կիսկատար։ Եւ սա պէտք չէ ընկալել «շան քարոզ»ի տրամաբանութեամբ։

…Վանէցեանի հրաժարականին մէջ ընդգծուած «կանգ ա՛ռ» կոչը մեկնաբանուեցաւ իբրեւ վարչապետին ու իշխանաւոր խմբակին ուղղուած հրաւէր։ Դէպքերու ընթացքը մեզի իրաւունք կու տայ ահազանգելու, որ նման կոչեր ուղղուած են բոլո՛ր կողմերուն։