Փաշինեան Վերացուց Կառուցողական Ընդդիմութիւնը, Այժմ Միայն Մամուլը Կրնայ Զսպել Ամբողջատիրական Միտումը. Աղասի Ենոքեան
«Մետիա պաշտպան» ծրագիրի ղեկավար Աղասի Ենոքեան ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Հրապարակ»-ի «Նոր իշխանութիւնները ՀՀԿ-ին չեն զիջիր» վերնագիրով հրապարակումի արձագանգին ըսաւ, որ մամուլի նկատմամբ ճնշումի միտումը կը խորանայ, ճնշումները կը շատնան, քանի որ որեւէ իշխանութիւն կը ձգտի աւելի մեծ իշխանութեան եւ աւելի ամբողջական դառնալու:
Յիշեցնենք, որ դիմատետրի իր էջին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան յատկապէս ըսած էր. «Ես կ’ուզեմ հասկնալ այս հրապարակումին տրամաբանութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութեան կամայական քաղաքացիներ կրնան հաւաքուիլ, երթալ խաշ ուտելու՝ մէկը 3000 դրամ հաւաքելով, իսկ իշխող խմբակցութեան անդամները իրաւունք չունի՞ն։
«Ես եմ նման ձեռնարկ կազմակերպողն ու առաջարկի հեղինակը եւ ուրախ եմ, որ լրատուամիջոցները լիարժէքօրէն կը վայելեն խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքը եւ իշխանութեան կը վերագրեն այնպիսի մեղքեր, ինչպէս օրինակ՝ հանրապետականներուն նմանիլը՝ շնչել-արտաշնչելով, սնունդ ընդունելով եւ նոյնիսկ խաշ ուտելով։ Այս չափանիշով հանրապետականին կը նմանին Հայաստանի միլիոնաւոր քաղաքացիներ։
«Մենք միայն մէկ բանով չենք նմանիր հանրապետականներուն, որ այս եւ այսօրինակ լրատուամիջոցներուն հսկողութեան տակ չենք առներ։ Անոնց հրապարակումներէն կը ծորի կարօտը հանրապետական փտած իշխանութեան նկատմամբ։ Չէ՞ որ երկար տարիներ կողք-կողքի գործելով անոնք համարեա՛ հարազատ դարձած են»:
Աղասի Ենոքեան կը յիշեցնէ, որ ժամանակին Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ կ’ուզէ դառնալ կառուցողական ընդդիմութիւն, իսկ դառնալով իշխանութիւն` վերացուց կառուցողական ընդդիմութիւնը Հայաստանի մէջ:
«Յաջորդ կարեւոր հիմնարկը, որ կրնայ ամբողջատիրական միտումը խանգարել, մամուլն է, ուստի պէտք է ուղղուի մամուլի ազատութեան սահմանափակման: Զարմանալի է, որ նախկին գլխաւոր խմբագիրը չի պատկերացներ, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ ազատ մամուլ»,- յայտնեց Ենոքեան:
Հանդիպումին ներկայ` ՀՀ Լրագրողներու Միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան յիշեցուց, որ վարչապետ Փաշինեանի այս գործելաոճը լրատուամիջոցներուն դէմ առաջին դէպքը չէ, ան շատ աւելի առաջ պատկերասփիւռային ընկերութիւնները մեղադրեց հակապետական գործունէութեան յանցանքով՝ առանց յստակացնելու ճշգրիտ հասցէատէրը, ինչ որ մահակի հարուածի պէս հնչեց:
«Այս ընթացքին «հակապետական» բառը բազմիցս չարաշահուեցաւ, այստեղ կայ շատ մը վտանգաւոր հանգամանք՝ ասիկա պետութեան դէմ յանցաւորութեան բարձր մակարդակ է: Եթէ կը յայտարարուի, որ ոեւէ անձ, կառոյց հակապետական քայլեր առած է, ուրեմն անոր պէտք է հետեւին գործողութիւններ: Պատկերասփիւռային ընկերութիւնները կը մեղադրէ հակապետական քարոզչութեան յանցանքով, բայց չի յիշեր, թէ ով նկատի ունի՝ որ մէկ ընկերութիւնը, այդ ո՞ր հաղորդումին մասին է: Ինչ կը վերաբերի «Հրապարակ»ի հրապարակումին արձագանգին պէտք է յայտնել, որ Նիկոլ Փաշինեան խմբագիր եղած ատեն առաջամարտիկը եղած է բազմաթիւ խոհանոցային, քուլիսային լուրերու հրապարակումին՝ մինչեւ անգամ քաղաքական գործիչի ներքնազգեստի հետ կապուած»,- ընդգծեց Սէյրանեան:
«Հրապարակ» օրաթերթի խմբագիր Արմինէ Օհանեան աւելցուց՝ այս բոլորը մերժումի եւ թշնամանքի մթնոլորտ կը ստեղծեն երկրին մէջ:
«Եթէ մենք տարիներ շարունակ գացած ենք, նոյն` «Հայկական ժամանակ»ին, թէ Վահրամ Պաղտասարեանի զաւկին կնունքին ՀՀԿ-ականները հսկայական խնճոյք մը ըրած են, այս ինչ տեղը նշած են Սերժ Սարգսեանի թորան ծնունդը, ինչո՞ւ պէտք չէ գրուի, որ Քաղաքացիական Պայմանագիրը 1-15 Յունուարին տասնեակ խնճոյքներու, քէֆերու մասնակցած է»,- ըսաւ ան:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի ուշ «Զրոյց քաղաքացիի հետ» վերնագիրով տեսագրութեան մէջ նաեւ յայտնած էր. «Հայաստանի մէջ լրատուադաշտի 90 տոկոսը կամ կը պատկանի նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, կամ մեզի՝ ընդդիմադիր ուժերուն»։
Խօսելով լրատուադաշտի մասին՝ Փաշինեան շեշտած էր. «Յեղափոխութենէն ետք, Հայաստանի մէջ սեփականութեան վերաբաշխում չէ եղած»:
ՀՀ վարչապետի վերոնշեալ միտքին անդրադառնալով՝ Աղասի Ենոքեան յայտնեց. «Եթէ 90 տոկոսը կը հանես, կը մնան պետական լրաուամիջոցները՝ Հ1 եւ «Ազատութիւն», վերջինը պետական է, բայց`ամերիկեան»:
«Երկիր»ի հարցումին ի պատասխան՝ Աղասի Ենոքեան պնդեց, որ այս ամէնը կ’ըլլայ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներէն հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար, ուստի եւ կեղծ օրակարգ յառաջ կը քաշուի:
Սաթիկ Սէյրանեան համաձայն գտնուեցաւ, թէ 14 ՅունուարԷն ետք անոնք արդէն չեն ընկալուիր որպէս նոր իշխանութիւն եւ որ Փաշինեանի կառավարութիւնը, իրապէս, կանգնած է ընկերա-տնտեսական եւ արտաքին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց:
