Արայիկ Յարութիւնեան Կ՛այցելէ Լոս Անճելըսի Հայկական Դպրոցներ

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան, Յունուար 16-ին, այցելեց Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան  նախարարութիւնը:

Յարութիւնեան նախ այցելեց «Ար.Տի. Ուայթ» նախակրթարանը, ուր կրթութիւնը երկու լեզուներով է՝ հայերէն եւ անգլերէն: Նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպեցաւ դպրոցի պատասխանատուներուն եւ տնօրէնին հետ, քննարկեց շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ դասագիրքերու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստումներու վերաբերեալ:

Յարութիւնեան այցելեց նաեւ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը, ուր տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան համար Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը առաւել կարեւոր է Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցող տնտեսական զարգացումներուն պարունակին մէջ, երբ առաջնահերթ դարձած է Միացեալ Նահանգներու գիտակրթական եւ արհեստագիտական ներուժի ներգրաւումը: Նախարարի պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով Սփիւռքի հայկական համայնքներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան համար:

«Վերջին օրերին զարմանքով նկատել եմ, որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները՝ փոքրից մինչեւ մեծ, սկսել են ապրել բացառապէս հայրենիքի խնդիրներով. նրանք ուշադիր հետեւել եւ, ըստ էութեան, մասնակից են դարձել յեղափոխութեանը. փոքրերը երգում են յեղափոխութեան երգերը, հարցեր տալիս դրա առաջնորդների մասին», նշեց Արայիկ Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ, նախարարի պաշտօնակատարը այցելեց ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, ծանօթացաւ վարժարանին եւ ուսումնական ծրագիրներուն: Այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ՀԲԸՄ-ի աւագ դպրոցներու աշակերտներուն համար Հայաստանի մէջ ուսումնական վարժողական ծրագիր իրականացնել շուրջ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան նախագահ Ճան Էմանուէլ Շիրաճեանի հրաւէրով: Կը նախատեսուին նաեւ այցելութիւններ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA), ինչպէս նաեւ հանդիպումներ քաղաքային իշխանութիւններու, գիտական եւ արհեստագիտական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

0118Arayig2

0118arayik2

0118Arayig1