Թուրքիոյ Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ասորական Եկեղեցի Պիտի Կառուցուի

Աշխարհ

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան յայտնած է ասորական եկեղեցւոյ կառուցման մասին։

 

«Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ասորական եկեղեցի պիտի կառուցուի Պոլսոյ Եէշիլքէօ թաղամասին մէջ։ Ասիկա հնարաւոր դարձած է նախագահ Էրտողանի կամքին եւ հետեւողականութեան շնորհիւ»,- Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է Մարգար Եսայեան։