Մայիսի 28-ը եւ Միացեալ Հայաստանի Կենարար Տեսլականը․ Արամ Շահնազարեան
«Եթէ աշխարհագրական սոսկ տարածութեան մը նոր որակ նուաճելու եւ հայրենիքի խորհուրդով կենսաւորուելու նախապայմանը ազգի գոյառումն է, իբրեւ ընկերային ու պատմա-մշակութային հաւաքական անհատականութիւն, ապա հայրենիքը, իբրեւ այդպիսին, իր հերթին, տուեալ ազգի գոյատեւման երաշխիքն է՝ որպէս անոր ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր հարազատ աճելավայր, իսկ ամէն հայրենիքի յարատեւման ու իմաստաւորման գրաւականը պետական անկախութիւնն է, մինչ այս բոլորին բնականոն զարգացման հանրագումարը ազգային ինքնուրոյն մշակոյթի կերտումն է՝ անտարակոյս, իբրեւ մարդուն եւ մարդկային ընկերութեան յարաճուն մարդկայնացման ակնաղբիւր։
Առանց ազգութեան, յայտնապէս, հայրենիք չկայ, ինչպէս առանց հայրենիքի, փաստօրէն, ազգ չկայ եւ չի կրնար գոյատեւել երբեւէ, իսկ առանց պետական անկախութեան՝ հայրենիքը կը վերածուի աշխարհագրական պարզունակ հասկացութեան եւ կը դադարի ազգային հաւաքականութեան կամ անոր հաւաքական անհատականութեան (իմա՝ սեփական ինքնուրոյն մշակոյթի) բնօրրան ըլլալէ։
Այս գիտակցութեամբ է, որ ազգերը յանձնառու կ՛ըլլան, ի հարկին, ծով արիւն թափելու եւ բազում հերոսամարտեր ու դիւցազնամարտեր մղելու՝ յանուն հայրենիքի եւ անկախ պետականութեան ստեղծման ու ապահովման, սերունդէ սերունդ յաջորդաբար։
Հայոց պատմութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային այդ գիտակցութեան ամէնէն պերճախօս վկայարանն է, անտարակոյս»։
Սարգիս Զէյթլեան, «Կենարար Ստորոգելին (Անկախութեան տօնին առթիւ)», «Ազդակ Շաբաթօրեակ Դրօշակ», թիւ 20, 26 մայիսի 1984թ.
Դաշնակցական մեծ տեսաբան եւ գաղափարախօս Սարգիս Զէյթլեանի այս պատմափիլիսոփայական բանաձեւումը, իր ամբողջ գաղափարական խորքով եւ ներքին ամբողջականութեամբ, Մայիսի 28-ի խորհուրդի ամէնէն խորքային մեկնաբանութիւններէն է, եւ միաժամանակ՝ հայ քաղաքական մտքի այն եզակի առանցքներէն մէկը, որոնց մէջ ազգային գոյութեան ճշմարիտ տրամաբանութիւնը կը ներկայանայ իր օրկանական ամբողջութեան մէջ։ Ազգ, հայրենիք, պետականութիւն, մշակոյթ. ասոնք առանձին-առանձին գոյաբանական միաւորներ չեն, այլ մէկ միասնական եւ փոխպայմանաւորուած ամբողջութեան դրսեւորումներ։ Ազգը, որ կտրուած է հայրենիքէն, դատապարտուած է պատմական քայքայման ու հոգեւոր այլասերման։ Հայրենիքը, որ զուրկ է պետական անկախութենէն, կը վերածուի աշխարհագրական սոսկ տարածքի։ Իսկ պետականութիւնը, որ խզուած է ազգի պատմական առաքելութենէն եւ հաւաքական յիշողութենէն, աստիճանաբար կը պարպուի իր բովանդակութենէն ու կը դադարի ազգային կամքի քաղաքական մարմնաւորումը ըլլալէ։
Մայիսի 28-ը ճիշդ այն պատմական հանգրուանն է, ուր Զէյթլեանի ձեւակերպած ազգ–հայրենիք–պետականութիւն օրկանական ամբողջութիւնը կը ստանայ իր քաղաքական-քաղաքակրթական մարմնաւորումը։ Անիկա պարզապէս անկախութեան հռչակման օր չէ, այլ այն սահմանային պահը, երբ հայ ժողովուրդի պատմական գոյութիւնը՝ ցեղասպանութեան, հայրենազրկման եւ պետականազրկման հետեւանքով ձեւաւորուած գոյաբանական խզման պայմաններուն մէջ, կը վերակազմակերպուի որպէս ինքնակա՛ քաղաքական ինքնուրոյնութիւն։ Այստեղ խօսքը ոչ թէ պատմութեան մէջ «վերադարձ»-ի, այլ պատմական ընթացքին մէջ ժողովուրդի՝ որպէս ինքնիշխան կամքի վերելքին մասին է։
Այս իմաստով մայիսեան հերոսամարտերը պէտք չէ դիտուին լոկ որպէս ռազմական առանձին իրադարձութիւններ. անոնք նաեւ քաղաքակրթական բեկումնային գործողութիւններ էին, որոնց արդիւնքով կը որոշուէր հայ ժողովուրդի ըլլալ-չըլլալու հարցը։ Այդ ճակատամարտերու հանգուցալուծումը չէր սպառեր միայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան խնդրով, այլ՝ կը ձեւաւորուէր հիմնարար պատմափիլիսոփայական տարբերակումը՝ հայ ժողովուրդը պիտի պահպանուի՞ որպէս սեփական պատմութիւնը կերտող եւ իր ճակատագիրը որոշող ինքնուրոյն պատմական միաւոր, թէ՞ պիտի վերանայ մարդկութեան պատմութեան թատերաբեմէն՝ ամբողջապէս դուրս մղուելով պատմական զարգացումներու ընթացքէն։
1918-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեւաւորուեցաւ ոչ թէ միջազգային իրադրութեան բարենպաստ համադրութեան արդիւնքով, այլ ազգային կամքի այնպիսի կուտակուած եւ պայթունային արտայայտութեամբ, որ պատմական անհրաժեշտութեամբ կը պարտադրէր անկախ պետականութեան վերականգնումը։ Այդ կամքը քաղաքական ձեւակերպում ստացաւ այն գաղափարական միջավայրին մէջ, ուր պետականութիւնը կ՛ընկալուէր ոչ որպէս վարչական կառուցուածք, այլ որպէս ազգի պատմական գոյութեան անբաժանելի դրսեւորում։ Այս իմաստով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանդէս եկաւ որպէս այն քաղաքական ուժը, որ ազգային ինքնապահպանման գիտակցութիւնը վերածեց պետական կառուցման պատմական գործողութեան՝ հաստատելով այն սկզբունքը, թէ առանց պետական կազմակերպուածութեան ազգը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր պատմական ինքնակայութիւնը եւ կ՛ենթարկուի արտաքին աշխարհաքաղաքական գործընթացներու տրամաբանութեան։
Մայիսի 28-ի խորհուրդը, սակայն, չի սահմանափակուիր միայն անկախ պետականութեան վերականգնման փաստով։ Անոր խորքային իմաստն այն է, որ հայ ժողովուրդին յաջողեցաւ վերագտնել իր ազգային-պատմական ամբողջականութեան գիտակցութիւնը՝ սեփական գոյութեան ժամանակային եւ քաղաքակրթական շարունակականութեան ընկալումով։ Առաջին Հանրապետութիւնը երբեք ինքզինք չէր դիտեր որպէս աշխարհագրօրէն վերջնական ազգային հանգրուան. անոր գոյութեան գաղափարական հորիզոնը կը ձեւաւորուէր Միացեալ Հայաստանի տեսլականին շուրջ՝ ոչ իբրեւ պատմական պատրանքայնութեան արտայայտութիւն, այլ որպէս ազգային գոյութեան ներքին տրամաբանութենէն բխող եւ պատմականօրէն անխուսափելի հեռանկար։
Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր քաղաքական ուժն ու գաղափարապէս ձեւաւորողները չէին կրնար սահմանափակել ժողովուրդի քաղաքական ինքնագիտակցութիւնը այն նուազագոյն աշխարհագրական տարածքով, որ մնացած էր ցեղասպանութեան եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքով։ Որովհետեւ անոնք կը գիտակցէին, թէ ազգը չի կրնար սահմանափակուիլ իրեն պարտադրուած աշխարհագրական սահմաններով. անիկա պատմական յիշողութեան, մշակութային շերտերու, ազգային-հոգեւոր ու քաղաքական աշխարհագրութեան եւ հաւաքական կամքի օրկանական ամբողջութիւն է։ Ազգը, որ կը հրաժարի իր պատմական ամբողջականութեան գիտակցութենէն, ժամանակի ընթացքին ոչ միայն կը կորսնցնէ իր պատմական առանցքն ու ճանապարհը, այլեւ կը սկսի աստիճանաբար քայքայել իր ինքնութեան ներքին հիմքերը՝ դառնալով ինքն իրմէ օտարացած հաւաքականութիւն։
Միացեալ Հայաստանի տեսլականը ճիշդ այդ պատճառով կը շարունակէ մնալ հայ քաղաքական մտքի գոյաբանական առանցքներէն մէկը։ Անիկա տարածքային առաւելապաշտութեան կամ անցեալի հանդէպ զուտ զգացական վերաբերմունքի արտայայտութիւն չէ, այլ հայ ժողովուրդի պատմական ինքնութեան քաղաքականացուած ձեւակերպումը։ Կարսը, Վանը, Մուշը, Սասունը, Կարինը, Կիլիկիան, Արցախը կամ Նախիջեւանը միայն պատմական յիշողութեան միաւորներ չեն. անոնք հայկական քաղաքակրթութեան ձեւաւորման կենդանի տարածական շերտերն են՝ ազգային ինքնութեան կառուցուածքային բաղադրիչներով։
Ազգը կը կորսնցնէ սեփական ինքնութեան ամբողջականութիւնը, երբ կը կտրուի իր պատմական եւ ազգային-հոգեւոր աշխարհագրութենէն։ Երբ ազգային գիտակցութենէն արմատախիլ կ՛ընէ պատմական հայրենիքի գաղափարը, այդ այլեւս պարզապէս յիշողութեան կորուստ չէ. անիկա ազգային կամքի կառուցուածքային քայքայում է, որուն հետեւանքով ժողովուրդը աստիճանաբար կը զրկուի ինքնակազմակերպման իր պատմական հնարաւորութենէն։ Այս իմաստով Միացեալ Հայաստանի տեսլականի ժխտումը ոչ թէ գաղափարական ընտրութիւն է, այլ ազգային գոյութեան հիմքերու թուլացման գործընթաց, որ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կը վերածուի ինքնութեան համակարգային անկման։
Միացեալ Հայաստանի տեսլականին դէմ պայքարը երբեք չէ սահմանափակուած միայն արտաքին քաղաքական հարթութեամբ։ Անիկա իր բնոյթով նաեւ ներհասարակական եւ ներհոգեբանական գործընթաց է՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի պատմական ինքնագիտակցութեան կառուցուածքային վերաձեւման։ Դարեր շարունակ թրքական քաղաքականութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջման, այլեւ անոր պատմական յիշողութեան համակարգուած խեղման ռազմավարութիւն իրականացուցած է։ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ իմաստով, միայն ժողովուրդի ֆիզիքական ոչնչացման փորձ չէր. անիկա նաեւ քաղաքակրթական յիշողութեան դէմ ուղղուած գործողութիւն էր՝ նպատակաուղղուած պատմական շարունակականութեան խզման։
Այդ նոյն տրամաբանութեան շարունակութիւնն է, որ այսօր կը դրսեւորուի հոգեբանական ճնշման ձեւերով՝ հայ ժողովուրդին պարտադրելով այն ընկալումը, թէ իր գոյութեան ապահովման միակ ուղին սեփական պատմական իրաւունքներէն, յիշողութենէն եւ քաղաքակրթական ամբողջականութենէն հրաժարիլն է։ Այս գործընթացի առաւել համակարգուած քաղաքական արտայայտութիւնը Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ առաջ քաշուած, այսպէս կոչուած «իրական Հայաստանի» տեսութիւնն է, որ, իր էութեամբ, ոչ թէ պարզապէս քաղաքական մօտեցում է, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ապապատմականացման, ապագաղափարականացման եւ բովանդակազրկման փորձ։ Անիկա նպատակ ունի պետականութիւնը տարանջատել ազգի պատմական տրամաբանական ընթացքէն եւ վերածել զայն պարտադրուած աշխարհագրական սահմաններու մէջ ամփոփուած վարչական կառոյցի՝ զուրկ պատմական ինքնութենէն, առաքելութենէն եւ քաղաքակրթական խորքէն։
Այդ մօտեցման ներքոյ պետութիւնը այլեւս չի ընկալուիր որպէս ազգի պատմական առաքելութեան իրականացման գործիք, այլ որպէս ինքնանպատակ կառոյց, որուն թուացեալ կայունութիւնը կը ապահովուի յիշողութեան, իտէալներու եւ պատմական պահանջներու վերջնական ու անվերադարձ չէզոքացման հաշուոյն։ Սակայն նման պետական համակարգերը, որքան ալ արտաքին առումով կայուն թուին, պատմական հեռանկարի մէջ ունին ներքին խոցելիութիւն, որովհետեւ զրկուած են իրենց գոյութիւնը իմաստաւորող գաղափարական առանցքէն։ Պետութիւնը, որ կը կորսնցնէ իր ազգային-հոգեւոր եւ քաղաքակրթական հենքը, վաղ թէ ուշ կը կորսնցնէ նաեւ իր քաղաքական կենսունակութիւնը՝ վերածուելով ձեւի՝ առանց բովանդակութեան։
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ այսօր ծառացած մարտահրաւէրները գոյաբանական բնոյթ ունին։ Խնդիրը միայն սահմաններու կամ անվտանգային համակարգերու ճարտարապետութեան մէջ չէ։ Խնդիրը ազգային ինքնագիտակցութեան խորքային ճգնաժամն է, երբ կասկածի տակ կը դրուի պետութեան բովանդակային ձեւն ու ժողովուրդի ինքնութիւնը՝ որպէս պատմական շարունակական գործընթաց։
Արցախեան պատերազմին պարտութենէն եւ Արցախի կորստէն ետք հայ իրականութեան մէջ նպատակադրուած կերպով կը սերմանուի պարտութեան հետ համակերպուելու հոգեբանութիւնը։ Հայ ժողովուրդին կը փորձեն համոզել, թէ պատմական իրաւունքներէն հրաժարումը «խաղաղութեան» նախապայմանն է, իսկ ազգային իտէալներէն հրաժարումը՝ պետականութեան «պահպանման» գինը։ Սակայն իրականութիւնը, իր քաղաքական տրամաբանութեամբ, հակառակը կը ցուցադրէ։
Արցախի կորուստը բացայայտեց մէկ հիմնարար օրինաչափութիւն՝ զիջումներու քաղաքականութիւնը ոչ թէ կը սահմանափակէ, այլ կը ընդլայնէ թշնամիի ճնշման, պահանջներու եւ առաւելապաշտութեան դաշտը։ Ազգային իրաւունքներէն հրաժարող ժողովուրդը չի ստանար անվտանգութիւն, որովհետեւ նման նահանջը հակառակ կողմի ընկալմամբ կը դառնայ ոչ թէ խաղաղութեան ազդակ, այլ կամազրկման եւ դիմադրողականութեան անկման ցուցիչ։ Այսպիսով, խնդիրը դուրս կու գայ տարածքային կամ դիւանագիտական հարթութենէն եւ կը վերածուի գոյաբանական հիմնախնդրի։
Աներկբայ փաստ է, որ թուրք-ազրպէյճանական ռազմավարութեան նպատակը վաղուց արդէն միայն հայկական տարածքներու բռնազաւթումը չէ։ Անոնց հիմնական նպատակը հայկական պետականութեան բովանդակազրկումն է։ Անոնք կը ձգտին, որ Հայաստանը դադրի ազգային պետութիւն ըլլալէ եւ վերածուի պատմական յիշողութենէ զուրկ, աշխարհաքաղաքականօրէն հնազանդ վարչաքաղաքական միաւորի։ Այս ծրագրի իրականացման համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ կազմաքանդել հայ ժողովուրդի հաւաքական տեսլականը՝ այն գաղափարական առանցքը, որուն վրայ կը ձեւաւորուի ազգային ինքնագիտակցութիւնը։
Հետեւաբար թիրախ կը դառնան մեր պատմական յիշողութիւնն ու ժառանգութիւնը, Մայիսի 28-ի խորհուրդը եւ Հայ դատի պայքարի վերջնանպատակը՝ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը։ Քանզի, քանի դեռ այդ տեսլականը կենդանի է, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ պատմութեան գործուն դերակատար, այլ ոչ թէ արտաքին խաղացողներուն եւ գործընթացներուն ենթակայ ու կառավարելի միաւոր։
Մայիսի 28-ի խորհուրդը ճիշդ այստեղ կը բացայայտէ իր այժմէական ամբողջ ուժը։ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է ոչ միայն ազգային ինքնութեան պահպանման, այլեւ հենց Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդման եւ պատմական կենսունակութեան ապահովման համար։ Պետութիւնները իրենց երկարաժամկէտ պատմական գոյութիւնը պահպանած են ոչ միայն ռազմական հզօրութեան կամ դիւանագիտական հաշուարկներու շնորհիւ, այլ՝ նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ իրենց հիմքին ունեցած են համազգային նպատակ եւ քաղաքակրթական ինքնագիտակցութիւն։ Պետականութիւնը կենսունակ է այնքանով, որքանով անիկա կ՛արտայայտէ ժողովուրդի պատմական կամքը եւ ապագայի վերաբերեալ անոր հաւաքական տեսլականը։
Այն ազգը, որ կը կորսնցնէ իր պատմական առաքելութեան զգացումը, ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ նաեւ դիմադրելու ներքին կարողութիւնը, որովհետեւ կը դադարի հասկնալ սեփական գոյութեան պատմական իմաստը։ Իսկ ժողովուրդը, որ կը շարունակէ ապրիլ հաւաքական իտէալով եւ պատմական ամբողջականութեան գիտակցութեամբ, նոյնիսկ ամէնէն ծանր պարտութիւններէն ետք կը վերագտնէ իր վերածնութեան ուժը։ Հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութիւնը ինքնին անոր ամէնախօսուն վկայութիւնն է։
Այս իմաստով Միացեալ Հայաստանը նախ եւ առաջ ազգային-հոգեւոր եւ քաղաքական ամբողջականութեան գաղափար է։ Անիկա կը սկսի ազգային գիտակցութենէն եւ այն համոզումէն, թէ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը պատմական պատահականութիւններու համընկնումի արդիւնք չէ։ Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին իր գոյութիւնը պահպանած է ոչ թէ արտաքին ուժերու բարեհաճութեամբ, այլ սեփական քաղաքակրթական կենսունակութեամբ, մշակութային ստեղծագործ ուժով եւ ազգային ինքնապահպանման կամքով։ Այդ պատճառով ալ անոր գոյութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ տուեալ պահու աշխարհաքաղաքական յարաբերակցութիւններով կամ ժամանակաւոր քաղաքական իրադրութիւններով։
Այդ իսկ պատճառով Մայիսի 28-ի պատգամը միայն անցեալի յիշատակ չէ․ անիկա նախ եւ առաջ ապագային ուղղուած գաղափարական եւ քաղաքական պատգամ է։ Անիկա մեզ կը յիշեցնէ, թէ պետականութեան երկարատեւ պահպանումը կը յաջողի այն ժողովուրդներուն, որոնք ունին համազգային նպատակ, պատմական առաքելութեան գիտակցութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութեան բարձր աստիճան։ Անկախ պետականութիւնը սոսկ սահմանադրական կամ միջազգային-իրաւական կարգավիճակ չէ։ Անիկա ազգային ուրոյն հոգեվիճակ է, ժողովուրդի հաւաքական կամքի արտայայտութիւն՝ ապրելու որպէս սեփական պատմութիւնը կերտող կենսունակ ուժ։
Եւ եթէ այսօր հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ յաղթահարել իր առջեւ վեր հառնած գոյաբանական ճգնաժամը, ապա ան պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր ազգային գերագոյն տեսլականին։ Մայիսի 28-ի խորհուրդը մեզ կը պարտաւորեցնէ մերժել մեր ինքնագիտակցութեան խեղման եւ պատմական իրաւունքներու անտեսման բոլոր փորձերը։ Անիկա մեզ կը յիշեցնէ, թէ հայկական պետականութիւնը չի կրնար երկար գոյատեւել, եթէ կտրուած է համահայկական ազգային ներուժէն, պատմական յիշողութենէն եւ համազգային տեսլականէն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ իրական ամրութիւն եւ կենսունակութիւն ձեռք բերել միայն այն պարագային, երբ դառնայ ամբողջ հայութեան հաւաքական կամքի, պատմական յիշողութեան եւ քաղաքակրթական ինքնագիտակցութեան քաղաքական մարմնաւորումը։ Իսկ այդ կարելի է միայն այն պարագային, երբ ազգային կեանքը կրկին առաջնորդուի մեծ գաղափարով։
Այդ մեծ գաղափարը Միացեալ Հայաստանն է՝ ոչ իբրեւ վերացական կարգախօս կամ զգացական երազանք, այլ՝ ինչպէս Սարգիս Զէյթլեանն է բանաձեւած՝ որպէս հայ ժողովուրդի պատմական գոյութեան «կենարար ստորոգելին»։ Եւ որքան ալ փորձեն խամրեցնել այդ տեսլականը, անիկա պէտք է շարունակէ մնալ հայ ազգային ինքնութեան խորքային առանցքներէն մէկը, որովհետեւ ժողովուրդները կրնան ժամանակաւորապէս պարտուիլ, կրնան կորսնցնել տարածքներ, պետականութիւն եւ նոյնիսկ սերունդներ, սակայն մինչեւ այն պահը, երբ կենդանի է անոնց պատմական յիշողութիւնն ու հաւաքական իտէալը, անոնք կը շարունակեն պահպանել պատմութեան մէջ վերածնուելու եւ վերականգնուելու իրենց հնարաւորութիւնը։
Մայիսի 28-ի անժամանցելի խորհուրդն ալ ճիշդ ասիկա է. մեր ազգը գոյատեւելու է այնքան ատեն, քանի դեռ չէ հրաժարած իր ամբողջական ինքնութենէն, իր պատմական իրաւունքներէն եւ իր ապագայի տեսլականէն՝ Միացեալ Հայաստանի գաղափարէն։
28 Մայիս 2026
