Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Լիարժէք Իրաւաժառանգորդը Դառնալու Համար․ Ժագ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 108-ամեակն է, իսկ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ «Միացեալ Հայաստանի աքթ»-ի ընդունման 107-ամեակն է: Հայկական պետականութեան վերականգնման տարեդարձի նշումը այս տարի կը կատարենք աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային բաւական փխրուն պայմաններու մէջ: Աշխարհաքաղաքական առումով, կացութիւնը կը բնորոշուի պատերազմական դրութեամբ եւ ուժային բեւեռներու կողմէ վերահսկողութեան գօտիներու վերադասաւորումներու փորձերով, իսկ ներազգային, ներհայկական մակարդակի վրայ տակաւ կը յամենայ պառակտումի, երկփեղկումի եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը: Ներազգային ատելութիւն եւ անհանդուրժողութիւն, որոնցմով կը բնորոշուի հայրենի քաղաքական ու հասարակական կեանքը շուրջ ութ տարիէ ի վեր, եւ որոնք դժբախտաբար սկսած են տեղ գտնել նաեւ սփիւռքի տարածքին:

Երբ կը բաղդատենք ներկան անցեալին հետ, կը տեսնենք, թէ 108 տարի առաջ զերոյէն ձեւաւորուած հայկական պետականութիւնը, ա՛յն պետականութիւնը, որ կառուցուեցաւ հարիւր հազարաւոր գաղթական հայորդիներու եւ շա՜տ ու շատ ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներու առկայութեան, ամբողջութեամբ հակապատկերն է ներկայիս փոքրաթիւ վարչախումբի մը ղեկավարել յաւակնած կարգուսարքին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` իբրեւ պետական վարչամեքենայ, իբրեւ մարդոց առօրեայ կեանքը կարգաւորող կառոյց, էապէս ազգային հիմքի վրայ կառուցուեցաւ: Քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ նոյնիսկ ժողովրդագրական որոշումները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ տրուեցան մեկնելով բացառապէս հայ ազգի շահերէն:

Էապէս ժողովրդավարական վարչակարգով օժտուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որուն գոյութեան աւելի քան երկու տարիներուն ընթացքին ձեւաւորուեցան ժողովրդավարական սկզբունքներով ղեկավարուող պետական հիմնական կառոյցները, Ա. հանրապետութեան օրերուն տեղի ունեցած միակ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յարգուեցաւ կիներու ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը եւ ուրիշ շատ ժողովրդավարական ձեռքբերումներ արձանագրուեցան` հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն: Ներքաղաքական սուր երկփեղկումը, ատելութիւնը, պառակտումը չկային, բացի հանրապետութեան պատմութեան վերջաւորութենէն, երբ պոլշեւիկները սկսան խլրտումներ հրահրել եւ անհանդուրժողութիւն սերմանել: Մինչեւ իսկ կարգ մը կառավարութիւններ համաձայնական հիմքով ձեւաւորուեցան` ընդդիմադիր Ժողովրդական կուսակցութեան եւ Ընկերվար յեղափոխական (Էս. Էռ.) կուսակցութեան հետ: Նոյնիսկ ներկուսակցական ժողովրդավարութեան իմաստով եղած են պարագաներ, երբ խորհրդարանի դաշնակցական խմբակցութեան անդամներ ամէնէն սուր քննադատութիւնները ուղղած են կառավարութեան:

Եւ զարմանալի թող չթուի երբեք, որ երբ խորհրդային 70 տարուան ամբողջատիրական լուծէն ետք Հայաստան կը պատրաստուէր իր անկախութիւնը վերականգնելու, 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրի մուտքին մէջ այն ժամանակուան Գերագոյն խորհուրդը կ՛ամրագրէր` «…զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները…» միտքը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը երբեք ու երբեք միայն Հայաստանի աշխարհագրական տարածքին մէջ ապրող հայերու պետութիւնը չէր, այլ համայն հայութեան պետականութիւնն էր: Իսկ 28 մայիս 1919-ին «Միացեալ Հայաստանի աքթ»-ով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութիւնը ինքզինք պատասխանատու հռչակեց նաեւ Արեւմտահայաստանի հողերուն համար: Բան մը, որ իրաւական ուժ ստացաւ 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրով եւ անկէ ետք Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով:

Ներկայիս, ինչպէս ըսինք, ներհայկական, ներազգային երկփեղկման մթնոլորտ կը տիրէ: Այս մթնոլորտին պատասխանատուն ուրիշ ոչ մէկ ուժ է, քան` իշխող սակաւաթիւ վարչախումբը, որ անցնող ութ տարուան ընթացքին հայոց պետական տունը առաջնորդեց կորուստէ կորուստ, հայկական Արցախը յանձնուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն բաժիններ բռնագրաւուեցան, վարկաբեկուեցաւ հայոց բանակը, եւ այդ վարչախումբը գնաց ու տակաւին կ՛երթայ նուաստացուցիչ քայլերու` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: 1990-ին որդեգրուած Անկախութեան հռչակագիրին յղում կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մուտքին մէջ: Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը յիշատակուի 1 դեկտեմբեր 1989-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» որոշումը, նաեւ յատուկ կէտ կայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին: Հայաստանի յանձնուողական վարչախումբը նոր մշակուող սահմանադրութենէն կ՛ուզէ ջնջել յղումը 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրին, որ մեր անկախութեան վերականգնման ծննդեան վկայագիրն է: Այս յանձնուողական եւ թշնամիի հետ համագործակցող վարչախումբը կ՛ուզէ ջնջել այդ հռչակագիրը, որպէսզի այլեւս վերջնականապէս փակուած նկատուի արցախեան շարժումի էջը, եւ չարծարծուի պատմական արդարութեան վերականգնման գաղափարը` Թուրքիոյ գործած Հայոց ցեղասպանութեան հարցին եւ Հայ դատին շուրջ:

Հիմա նախընտրական ժամանակաշրջան է Հայաստանի տարածքին: Այս ժամանակաշրջանէն առաջ խօսակցութիւններ կային, որ թերեւս խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէն զուգադիպէին իրարու, սակայն, ըստ երեւոյթին, սահմանադրութեան վերաբերող հանրաքուէն քիչ մը պիտի ուշանայ: Յամենայն դէպս, ի՛նչ ալ ըլլան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ո՛վ ալ որ յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, անշուշտ բացի յանձնուողական եւ համագործակցող վարչախումբէն, շատ կարեւոր է, որ Անկախութեան հռչակագիրը անձեռնմխելի մնայ, որովհետեւ անիկա թէ՛ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ թէ՛ համազգային նպատակներուն առումով իր ներշնչումը կը ստանայ 28 մայիս 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն: 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայրենի քուէարկողը պէտք է ապացուցէ, որ ետդարձ չկայ Անկախութեան հռչակագիրին ամրագրած սկզբունքներէն: Որպէսզի նաեւ ներկայ Հայաստանը դառնայ լիարժէք իրաւայաջորդ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: Այս նպատակին հասնելու համար կարիքը կայ համազգային զօրաշարժի բոլոր մակարդակներուն վրայ` հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ: