Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Կը Ներառուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով, Վատիկան պաշտօնապէս ու հրապարակային կերպով յայտարարեց, թէ որոշած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ներառել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու ցանկին: Այս որոշումին համաձայն, 13 Օգոստոսը ճշդուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի յիշատակութեան օր: Շնորհալի հայրապետը կը նկատուի մեծ աստուածաբան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ախոյեան:

Յայտնենք, որ Լեւոն ԺԴ. պապը վեհափառ հայրապետը ողջունող իր պաշտօնական ուղերձին մէջ նախ յիշեց, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալին եղած է էքիւմենիզմի ռահվիրայ. «Ս. Ներսէս Շնորհալի վերջերս ներառուեցաւ Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յայսմաւուրքին մէջ: Այս մէկը կը հանդիսանայ նոր օրինակ մը սուրբերու տիեզերականութեան, որ արդէն իսկ կը միացնէ մեր եկեղեցիները», յայտնեց պապը: Իսկ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կատարուած հրապարակային հանդիպման ընթացքին, Լեւոն պապը իր արտասանած ողջերթի խօսքին մէջ ըսաւ. «Միասնաբար հայցենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ ամէնէն առաջ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր բարեխօսութիւնը»:

Յայտնենք, որ զանազան բաժանմունքներու նախագահ կարտինալներուն հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած յիշեալ պատմական որոշումին: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնն ու խոր գնահատանքը յայտնեց Շնորհալի հայրապետին նկատմամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ ցուցաբերուած այս մեծապէս յարգալից մօտեցումին համար:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը Ս. Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանութեան ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին, տարիներ առաջ, հրատարակած է ST. NERSES THE GRACIOUS AND CHURCH UNITY խորագրեալ անգլերէնով գիրք մը, որ եղած է իր համալսարանական մագիստրոսականի թէզը:

Արամ ԱԿաթողիկոսի Ունեցած ՀանդիպումներըՎատիկանի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպաններուն Հետ

Վատիկան կատարած իր քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութեանց դեսպաններուն հետ:

Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպանը վեհափառ հայրապետին այցելեց իր իջեւանած Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու յատուկ հիւրանոցին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն: