Հայաստանի Անկախութիւնը Ազգային Հրամայական Է․ «Ասպարէզ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

1918-ի Մայիս 28-ին, դարերով կայսերական իշխանութեանց տակ ապրելէ ետք, Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց, ինչ որ մեր ազգի ինքնորոշման եւ ինքնիշխանութեան իրաւունքի յառաջխաղացումին բարձրագոյն արտայայտութիւնն էր:

Այս պատմական դէպքը ծնաւ ազգային մակարդակով զէնքի դիմելու կոչի իբրեւ արդիւնք, երբ աշխարհի զանազան կողմերէ կամաւորներ արձանագրուեցան պայքարելու Հայաստանի անկախութեան համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբէն միայն քանի մը տարի ետք:

Գլխաւորաբար Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականներուն հոսքին պատճառով, Հայաստան այդ օրերուն կը գտնուէր տնտեսական ծանր վիճակի մէջ, մինչ Օսմանեան կայսրութեան յարձակումին վտանգը մօտալուտ էր:

Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերը վճռեցին հայ ազգին ճակատագիրը, որովհետեւ կամաւորները կրցան պարտութեան մատնել թշնամին եւ հռչակեցին անկախութիւնը:

Հայաստանի անկախութեան 108-րդ տարեդարձը կը նշուի Հայաստանի համար վճռորոշ ընտրութեան նախօրեակին: Վերջին հինգ տարիներուն, անկախութեան բուն գաղափարը խեղաթիւրուած է իշխող վարչակարգին կողմէ, որուն առաջնորդը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հայկական գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը կը ներկայացնէ իրականութիւն մը, որ ի զօրու է միայն այն հայերուն համար, որոնք կ՛ապրին ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ, իսկ  պատմութիւնը կը նկատէ անէծքի արժանի:

Այն փաստը, թէ Արցախը 1918-ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւոր մաս մըն էր, կորսուած է այսօրուան Հայաստանի ղեկավարներուն մօտ: Նոյնպէս, Արցախի Ազատագրական շարժումը, որ սկսաւ 1988-ին, աւարտեցաւ Արցախին վերատիրանալով, բոլոր հայերուն ազգային ձգտումներուն կարեւոր մէկ բաղադրիչ հանդիսանալով:

Սակայն Փաշինեան եւ իր վարչակարգը, որոնք 2020-ի պատերազմին ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցին Արցախը, ընտրած են փակել նաեւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման պայքարի այդ էջը: Անոնք կը պնդեն, թէ անոնք, որոնք կը համարձակին երազել պատմական իրենց տարածքներուն ամբողջութիւնը կամ մեծ մասը ընդգրկող Հայաստանի մը մասին, պարզապէս իտէալապաշտներ են, որոնք մտահոգ չեն Հայաստանի ապագայով: Անոնք նաեւ փոփոխութեան ենթարկած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որովհետեւ Փաշինեան բացայայտ կերպով հարցականի տակ դրած է մեր ազգը պատուհասած եւ մեր տոկունութիւնը կոփած ողբերգութեան պատմական իրականութիւնը:

Այս մտածելակերպը վտանգաւոր պատգամ կը ղրկէ ոչ միայն հայ ապագայ սերունդներուն, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին, թէ Հայաստանը պատրաստ է զոհաբերելու իր սեփական պատմութիւնը՝ իր ինքնութիւնն իսկ, որպէսզի ներկայ ղեկավարները կարենան կասկածելի յաղթանակ մը ներկայացնել իբրեւ ազդու դերակատարներու սեղանին վրայ տեղ գրաւելու արդիւնք:

Ներկայ ղեկավարները չեն հասկնար, թէ հակառակ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ այլոց նախաձեռնութիւններուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հիմնական շահերը չէ, որ յառաջ կը մղուին, այլ առաջնահերթութիւն կը տրուի վերոնշեալ ուժերու շահերուն եւ օրակարգերուն:

Հայաստանի անկախութիւնը հայերը կերտեցին: Արցախի ինքնորոշումը հայերը նուաճեցին: Երկու պարագաներուն ալ այս յաղթանակները իրականութիւն դարձան, որովհետեւ հերոս տղաք եւ կիներ իրենց կեանքը զոհաբերեցին անկախութեան, ինքնորոշման եւ ազատութեան դատին համար: Այս փաստը խեղաթիւրելը կը նշանակէ անարգել այն զոհողութիւնները, որոնք բարձրացուցին մեր ազգը:

Հայաստանի անկախութիւնը կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն համար, այլ ազգային հրամայական է բոլոր հայերուն՝ ամբողջ հայ ազգին համար: