Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել. Ա՛յս Պէտք Է Ըլլայ Ուխտը Իւրաքանչիւր Հայուն․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց ոգեկոչուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Հոծ թիւով հայորդիներու շարքին ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վաչէ Տօներեան, որ անդրադարձաւ հաւաքին նպատակին` ոգեկոչել յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ բարձրաձայնել մեր բողոքի ձայնը, անգամ մը եւս աշխարհին ու մանաւանդ արիւնարբու ոսոխին յիշեցնելու, որ աշխարհի երեսէն չէ վերացած հայ ժողովուրդը, եւ թէ ան կա՛յ, կը գոյատեւէ ու պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ արդար հատուցում:

Ան ցաւալի նկատեց, որ միջազգային ընտանիքը եւ արդարադատ ատեաններ չկրցան պատժել նենգ թշնամին` թուրքը, որ մինչեւ օրս կ՛ուրանայ իր մեծ յանցանքը եւ այսօր եւս յոխորտանքով կը շարունակէ նոյն վայրագութիւնը` մերթ իր հողատարածքին վրայ, մերթ Սուրիոյ մէջ, մերթ Իրաքի մէջ, իսկ տակաւին երէկ Արցախի մէջ, եղբայրացած` Ազրպէյճանի վոհմակներուն:

«Այսօր, նման խժդժութեանց թատերաբեմ է նաեւ մեր սիրելի հայրենիք Լիբանանը, ուր կը կատարուի ցեղասպանութիւն, որուն համար կը ցաւինք ազգովին: Սակայն, պահ մը առանց լուսարձակէն հեռացնելու ցեղասպանութիւն բառն ու անոր մերժուած ըլլալու հանգամանքը, պիտի յայտարարենք այն, որ, հակառակ մեր վրայ պարտադրուող բոլոր բռնաճնշումներուն ու քաղաքական ոտնձգութիւններուն` մեզ մոռցնել տալու յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, հայ ժողովուրդի զաւակները, Պէյրութէն մինչեւ Երեւան, Երեւանէն մինչեւ Փարիզ ու Լոս Անճելըս, այսօր, զգալով հետագայ վտանգները եւ մութի մէջ դարբնուող կասկածելի ծրագիրները, ներկայ փուլին աւելի մեծ ուշադրութեամբ պէտք է հետեւին թրքական-ազրպէյճանական համաթուրանական ախորժակներուն, որոնք չեն կրնար մոռացութեան տալ զաւթուած հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը ու Արցախը, մանաւանդ պահանջատիրութեան մեր արդար իրաւունքը», շեշտեց ան:

Վաչէ Տօներեան դիտել տուաւ, որ հայութեան համար ապրիլ 24-ը վաղուց դադրած է սուգի կամ յիշատակութեան օր ըլլալէ եւ վերածուած է իրաւունք պահանջելու ուխտի ու երթի` միշտ հաւատալով մեր միասնականութեան գաղափարին եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան: Առ այդ, ան համոզում յայտնեց. «Այն ժողովուրդը, որ կը հրաժարի իր իրաւունքներէն, ան կը դառնայ այլոց գերի կամ հպատակ, ենթարկուելով օտար ուժերու պարտադրանքին ու քմահաճոյքին, կացինահարելով իր ողնասիւնը»: Հայոց ցեղասպանութենէն 111 տարի ետք եւ 2020 թուականի արցախեան պատերազմի խայտառակ պարտութենէն 6 տարի ետք, ան հրամայական նկատեց ազգովին անդրադառնալ մեր արձանագրած թերացումներուն, մեր անհեռատեսութեան, մեր դիւանագիտական տհասութեան եւ դաս քաղել մեր երէկի սխալներէն, որպէսզի հասնինք մեր մեծ երազին:

Տօներեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ բնակող հայը պէտք չէ հաւատայ թուրքի ստապատիր խոստումներուն, եւ ազգովին պէտք է համոզուինք անոր հայատեաց քաղաքականութեան` համաթուրանականութեան գաղափարին իրականացման ճամբուն վրայ հայոց պատմական հայրենիքը զաւթել, հայոց հողը յափշտակել, որպէսզի երաշխաւորուի թրքալեզու ժողովուրդներու ազգային միաւորումը եւ Մեծ Թուրանի ստեղծումը: Ան մատնանշեց, որ այսօր եւս համաթուրանական ծրագիրը յառաջ կը քշուի` առաջնորդութեամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, գործակցութեամբ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ղեկավարին, որոնք որոշած են ոչնչացնել Արեւելեան Հայաստանը եւս, որ կը հանդիսանայ գլխաւոր արգելքը այս գաղափարախօսութեան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Վաչէ Տօներեան շեշտեց, որ այս բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայելու համար պէտք է ըլլալ մէկ եւ միասնական` հզօրացնելով Հայաստան-սփիւռք կապն ու գործակցութիւնը:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն անունով հայերէնով միացեալ խօսքը արտասանեց Գէորգ Տաղլեան, իսկ արաբերէնով` Գրիգոր Էքմեքճեան:

Գէորգ Տաղլեան անդրադարձաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ վերջին ժամանակաշրջանին յատկապէս կայացող մնայուն  խորհրդակցութիւններուն եւ աշխատանքներու համակարգման` թէ՛ համայնքի անվտանգութիւնը եւ թէ՛ գաղութի պահպանման առաջադրանքները իրականացնելու համար, ինչ որ կը ստեղծէ իւրայատուկ միջավայր, ուր մշակուած է համազգային երթի մեր հաւաքական ռազմավարութիւնը, թէ՛ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ թէ՛ մեր պատմական իրաւունքներու հետապնդման առումներով:

Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտումի եւ հատուցման պարտադրանքի բացակայութիւնը, կամ ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը պատճառ դարձան եւ կը շարունակեն պատճառ դառնալ, որ կրկնուին ցեղասպանութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Կազայի մէջ, այն, ինչ որ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ` բռնի տեղահանութիւն, գիւղերու եւ քաղաքներու հիմնական ոչնչացում, անզէն բնակչութեան ջարդ, ցեղային զտման եւ ցեղասպանական արարքներու մաս կազմող գործողութիւններ էին:

«Մենք անսակարկ կը կանգնինք կողքին այն բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ենթարկուած են եւ կը շարունակուին ենթարկուիլ ցեղային զտման, սպանդներու, բռնի տեղահանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու: Մեր կեցուածքը պատահական չէ. ան կը բխի մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութենէն, անխախտ յանձնառութենէն, արդարութեան եւ համամարդկային արժէքներու յաղթանակին հանդէպ հաւատքէն», դիտել տուաւ Գէորգ Տաղլեան:

Ապա ան անդրադարձաւ շրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն, ցնցումներուն, զանգուածային ջարդերուն ու տարածքներու գրաւումներուն, որոնք կ՛ազդեն նաեւ լիբանանահայութեան վրայ, որուն ցնցումը ո՛չ հայրենի պետութեան եւ ո՛չ ալ սփիւռքի հայութեան շահերէն կը բխի, որովհետեւ Լիբանանը մեր համասփիւռքեան մարդուժի պատրաստութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է, մեր հոգեւոր, ազգային կեանքի գործիչներ հասցնող միջավայրը: Տաղլեան շեշտեց, որ այսօր եւս լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պահանջատէր, հակառակ դժուարութիւններուն կը հաստատէ իր միացեալ դիրքորոշումները լիբանանեան, սփիւռքեան եւ հայաստանեան հիմնախնդիրներուն շուրջ: «Լիբանանահայութիւնը կը գերադասէ երկրին տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան տարածքներու գրաւումը, կ՛առաջադրէ խաղաղութեան հաստատման արժանապատիւ գործընթաց եւ պետութեան գերիշխանութեան յարգումը: Մեր համայնքը աւանդական վարքագիծ որդեգրած է լիբանանեան հիմնախնդիրներու լուծման համար` որդեգրելու բացառապէս երկխօսութեան քաղաքական ճանապարհը, մերժելով որեւէ ձեւով միջքաղաքացիական ընդհարումները: Այս սկզբունքներէն մեկնած ալ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հանգամանօրէն քննարկած են թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին մարտահրաւէրները եւ որոշած ոչ միայն չներքաշուիլ ներքին լարուած իրավիճակներուն, այլ նաեւ յորդորել բոլոր կողմերուն քաղաքական համախոհութեան յանգումով լուծում բերելու բարդ հարցերուն», նշեց ան:

Գէորգ Տաղլեան յիշեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի նշուի մայիս 6-ը` Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքականութեան զոհ գացած լիբանանցիներուն յիշատակը, թէեւ տարբեր հանգամանքներով այս տօնը փորձած են պարպել իր էութենէն եւ սահմանափակել զայն նահատակ լրագրողներու յիշատակի օրով: «Մեր պահանջն է, որ պետութիւն եւ հասարակութիւն վերադարձնեն մայիս 6-ը իր պատուանդանին: Գիտակից ենք անշուշտ, որ Անգարայի կողմէ թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ կիրարկուող թափանցման նոր քաղաքականութիւնը տարածքներ կը նուաճէ: Զինուորական, կրթական թէ մշակութային տարազներուն տակ Թուրքիան ներկայ է տարբեր շրջաններու մէջ եւ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ արաբական աշխարհին մէջ: Պատմութեան դասերը վերյիշելը կարեւոր է Լիբանանի համար, եւ այս առումով մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնելը բոլոր լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է», շեշտեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կատարած ու տակաւին գործադրուող ահաւոր արարքները` Տաղլեան հաստատեց, որ պատերազմական այս յանցագործութիւններուն համար Պաքուն պէտք է պատասխան տայ միջազգային դատական ատեաններու առջեւ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գէորգ Տաղլեան թուարկեց լիբանանահայութեան հետապնդած նպատակները` հայոց պետականութեան հզօրացումը, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերականգնումը, գաղութի կրթական, մշակութային եւ քաղաքական գործօններու ու հանգամանքներու ամրակայումը, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման աշխատանքը, համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը, պատմական արդարութեան վերականգնումը եւ լիբանանահայ համայնքի անվտանգութիւնն ու քաղաքական գործօնի հզօրացումը:

Գրիգոր էքմեքճեան ընթերցեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միացեալ յայտարարութիւնը, ուր կը նշուի, որ արդարութիւնը պարզապէս պահանջ չէ, այլ անոր համար պէտք է պայքարիլ: «Ցեղասպանութեան ճանաչումը կապուած չէ միայն անցեալին, այլ նաեւ անհրաժեշտութիւն է ապագան պաշտպանելու համար: Արդարութիւնը կը վերականգնէ զոհերուն արժանապատուութիւնը, կ՛ամրապնդէ միջազգային իրաւական կանոնները եւ կը ստիպէ ոեւէ յարձակողի մտածել բազմիցս` նախքան յանցագործութիւն գործելը»:

Երեք կուսակցութիւնները լուսարձակի տակ առին գործուած ցեղասպանութեան անպատժելիութեան բերումով նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը: «Լիբանանէն, կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը համակեցութեան արժէքներուն, երկխօսութեան եւ ատելութեան խօսքի մերժման: Լիբանան իր ուժը կը քաղէ իր բազմազանութենէն եւ մեր կարողութենէն` դիմագրաւելու ցաւը, առանց իյնալու անարդարութեան ծուղակը:

«Վերջապէս, կը հաստատենք, որ աշխարհ մը, որ կը ձախողի ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, աշխարհ մըն է, որ կը նախապատրաստէ անոր կրկնութիւնը», շեշտեցին երեք կուսակցութիւնները: (Յայտարարութեան ամբողջութիւնը կը հրապարակենք անջատաբար):

Ապա կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը ազգային փունջ մը երգեր հրամցուց հանրութեան:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց պահանջատէր մեր ժողովուրդի համայն զաւակներուն: Ան ընդգծեց, որ տարիներու թաւալումը ո՛չ մէկ կերպով կը հեռացնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարէն` դիտել տալով, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կաթողիկոսութիւնը ճշդած էր «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» նշանաբանը, որ միշտ ալ ռազմավարական խորունկ իմաստ ունի:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը վստահեցուց, որ` «մենք պիտի շարունակենք ՅԻՇԵ՜Լ, որքան ալ դառն ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները», եւ փոխ առնելով 136-րդ Սաղմոսին բառերը` ըսաւ. «Եթէ քեզ մոռնամ, ո՜վ Հայոց ցեղասպանութիւն, թող աջ ձեռքս կտրուի, լեզուս չորնայ, եթէ քեզ չյիշեմ…», եւ այս նկատեց իւրաքանչիւր հայու ուխտը: «Ես չեմ հաւատար, որ այս մոլորակին վրայ գտնուի հայ մը, որուն արեան հետ միախառնուած ու գիտակցութեան հետ շաղախուած չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը. այլապէս, ուրացում է հայու ինքնութեան», ըսաւ ան:

Երկրորդ կէտով Արամ Ա. կաթողիկոս կեդրոնացաւ ՅԻՇԵՑՆԵԼ օրակարգին վրայ` շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան իրագործումը պատմող բազմահարիւր հրատարակութիւններ եւ փաստաթուղթեր գոյութիւն ունին, մինչեւ իսկ Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ վերջերս կաթողիկոսարանին հրատարակութեամբ լոյս տեսած են Հայոց ցեղասպանութեան ներքին ծալքերը պարզող արաբերէն լեզուով երկու աշխատասիրութիւններ, տպագրութեան ընթացքի մէջ է հայերէն ու անգլերէն լեզուներով այլ աշխատասիրութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է «Կիլիկիոյ պարպումին առնչուած վաւերագիրներ» աշխատասիրութիւնը: «Մենք պարտաւոր ենք գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ ներկայ ճարտարագիտութեան ընծայած ազդու միջոցներով յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը բոլորի՛ն, ներառեալ թուրք նոր սերունդին: Մենք պէտք է յիշեցնենք մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս մեր նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք կարենան պատմական, քաղաքական ու իրաւական միջոցներով զինուած, արդարութի՛ւն պահանջել իրենց ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին համար», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Երրորդ կէտով կաթողիկոսը կեդրոնացաւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ երթին վրայ եւ ընդգծեց, որ քաղաքական ու քարոզչական աշխատանքներուն առընթեր, հրամայական է մուտք գործել իրաւական մարզ: Այս առումով ան յիշեցուց, որ առաջին եւ գործնական քայլը առնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, 2014-ին, թուրք պետութեան դէմ դատ բանալով եւ պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը: «Աւելի քան 10 տարիներէ ի վեր կը հետապնդենք յիշեալ դատը եւ վճռած ենք ամէն գնով հետամուտ ըլլալ անոր հետագայ զարգացումներուն: Այժմ թղթածրարը կը գտնուի Թուրքիոյ դատական գերագոյն ատեանին մօտ, որուն պիտի յաջորդէ սահմանադրական դատարանը, եւ ապա պիտի ուղղուինք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան», յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոսը անդրադարձաւ Հայաստանի պետութեան` Անկախութեան հռչակագիրին յանձնառու ըլլալու հրամայականին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է հաւատարիմ մնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին, ուր ըսուած է, թէ հայ ժողովուրդը կը վերահաստատէ իր «միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու` Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումի հարցով…», եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ` «ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»: «Յիշեալ հռչակագիրները թուղթի վրայ արձանագրուած սովորական խօսքեր չեն. առաջինը` Ազգային ժողովի բեմէն հայ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող, իսկ երկրորդը` Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն ոգեղէն ներկայութեան կատարուած համազգային ՈՒԽՏեր են: Արդ, Հայաստանի պետութիւնը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր կատարած ուխտին: Ըլլանք ուխտապահ, ո՛չ` ուխտադրուժ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն: «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու հատուցումը` Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը եւ ինքնավարութեան վերահաստատումը միջազգային երաշխիքով, կրօնական ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը` Ազրպէյճանի կողմէ, կը մնան մեր հիմնական պահանջները: Արդ, «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» նշանաբանը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր պահանջատիրական պայքարին` բոլո՛ր ժամանակներուն եւ բոլո՛ր պայմաններուն մէջ, մինչեւ մեր ազգի իրաւունքներուն ամբողջական հատուցումը», եզրափակեց ան (վեհափառ հայրապետին պատգամին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: