Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Պելճիքայի Կառավարութեան եւ ԵՄ-ին Կոչ Կ՝ընէ Նշեալ Բանաձեւը Որպէս Հիմք Օգտագործելու՝ Ազրպէյճանը Պատասխանատուութեան Ենթարկելու
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՝ողջունէ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Ապրիլ 16-ին միաձայնութեամբ ընդունուած համապարփակ բանաձեւը։ Այս քուէարկութիւնը կարեւոր հանգրուան է Պելճիքայի եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցման ամրապնդման գործին մէջ՝ միաժամանակ աջակցութիւն արտայայտելով Հայաստանի շարունակական ընդելուզման Եւրոպական միութեան։
Պատգամաւոր Միշէլ Տը Մակտի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ նախապէս միաձայն ընդունուած էր արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, ի թիւս այլոց կոչ կ՝ընէ ապահովելու Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին իրացումը՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու առկայութեամբ։ Ըստ բանաձևի՝ անվտանգ վերադարձը հնարաւոր չէ առանց միջազգային գործուն մեքենականութեան։ Բանաձեւով նաեւ կը պահանջուի ազրպէյճանի զինուած ուժերու անյապաղ դուրսբերում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն՝ անոնք վերադարձնելով 2021թ․ Մայիս 12-ի դրութեամբ զբաղեցուցած դիրքերուն։ Բացի այդ, բանաձեւը կ՝անդրադառնայ պաքուի մէջ ներկայիս պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու ճակատագրին, ներառեալ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան, որոնց կալանքը կը շարունակէ մնալ լուրջ մարդասիրական խնդիր։
Արձագանգելով բանաձեւի ընդունման՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը նկատած է․ «Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը մէկ անգամ եւս որդեգրած է յստակ եւ սկզբունքային դիրքորոշում։ Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ կապերու խորացումը դրական քայլ է ապագայի համար, այնուամենայնիւ անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ նաեւ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։ Այժմ մենք Պելճիքայի կառավարութենէն կ՝ակնկալենք ապահովել, որ այս պահանջները վերածուին յստակ դիւանագիտական գործողութիւններու»։
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Պելճիքայի կառավարութեան եւ Եւրոպական միութեան կոչ կ՝ընէ օգտագործելու այս բանաձեւը որպէս հիմք՝ ազրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ տարածաշրջանին մէջ արդար ու կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար։
