Դատարանը Արդարացուց Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ֆիլմը Ցուցադրած Գործիչը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, «Աւրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական ֆիլմը ցուցադրելուն համար քրէական հետապնդումի ենթարկուող Ռոճհիլաթ Աքսոյ անպարտ արձակուեցաւ Ապրիլ 6-ին։ Աքսոյ կը դատուէր Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով՝ «թրքութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքով։

Հոծ բազմութեան պատճառով նիստը սկսաւ 30 վայրկեան ուշացումով։ Հետաքննութենէն ետք կազմուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ նշուած էր, որ ֆիլմը «1915-ի իրադարձութիւնները» պատկերած է իբրեւ ցեղասպանութիւն, իսկ հայերը՝ անմարդկային վերաբերմունքի զոհ։

Աքսոյի փաստաբան Ֆըրաթ Եըլտըզը յայտնած է, որ իրենք համաձայն չեն վերոնշեալ կարծիքին հետ եւ խնդրած է իր պաշտպանեալի արդարացումը։ Ըստ անոր՝ նման դատավարութիւնները կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը եւ ճնշում կը գործադրեն արուեստի վրայ։ Փաստաբանը նաեւ նշած է, որ իր պաշտպանեալը ֆիլմին բեմադրիչը չէ, այլ միայն մասնակցած է ցուցադրութեան։ Միաժամանակ, ան աւելցուցած է, որ նոյնիսկ եթէ ան ըլլար բեմադրիչը, ան խօսքի ազատութիւն կը վայլէ։

«Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն ունի նախադէպեր այս հարցին վերաբերեալ։ Կան որոշումներ, որոնցմով անհատներ եւ հաստատութիւններ, ներառեալ Տիարպեքիրի փաստաբանական ընկերակցութիւնը, որոնք կը հետապնդուէին 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին տեղեկութիւն տարածելու համար, արդարացուած են», շեշտած է ան։

Բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Աւրորայի Լուսաբացը» Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Օրորա Մարտիկանեանի ապրած ահաւոր փորձառութիւններուն մասին է, հիմնուած անոր յուշերուն վրայ։ 1919-ին, Մարտիկանեանի վկայութիւններուն հիման վրայ Հոլիվուտի մէջ բեմադրուած «Հոգիներու Աճուրդ» համր ֆիլմը կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաջին ֆիլմը։ Այդ ֆիլմին նկարահանումներուն եւ Մարտիկանեանի պատմութիւնն է որ ներկայացուցած է Սահակեանի «Աւրորայի Լուսաբացը» ֆիլմին մէջ։