Ըստ Լրատուամիջոցներու՝ Քիմ Քարտաշեան ու Քանյէ Ուեսթ Հայաստանէն Երեխայ Պիտի Որդեգրեն․ Հայաստանի Պատկան Մարմինները Կը Հերքեն
Հոլիւուտեան հեռուստահաղորդավար Քիմ Քարտաշեան ու անոր ամուսինը` ռափըր Քանյէ Ուեսթ որոշած են Հայաստանէն տղայ երեխայ որդեգրել: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Mirror պարբերականը:
«Անոնք կապուած են Հայաստանի մէջ գործող մանկատան մը հետ, որ այցելած էին երեք տարի առաջ: Անոնք կը նախատեսեն յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին կրկին այցելել այնտեղ»,- անանուն աղբիւրը ըսած է Heat World ամսագրին: Ան յիշեցուցած է, որ Քիմի հօր` Ռոպերթի ընտանիքը հայ էր, ուստի բնական է, որ աստղային զոյգը որոշած է երեխայ որդեգրել այդ երկրէն: «Քիմը շատ կը սիրէ հայրը, եւ կը ցանկայ ունենալ փոքր տղայ, որ կը յիշեցնէ իր հօր մասին»,- ըսած է ան:
Աղբիւրին համոզմամբ` զոյգը արդէն որոշած է, թէ ինչ անուն պիտի տայ Հայաստանէն որդեգրուող երեխային: «Անոնք արդէն որոշած են երեխային անուանել Սեմ` Քիմի մեծ պապի` Սաղաթել Քարտաշեանի պատուին, որ յետագային` ԱՄՆ տեղափոխուելէ ետք անունը փոխած էր` դարձնելով Սեմ Քարտաշեան:
Այս լուրին մասին NEWS.am-ը հետաքրքրուած է ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութենէն:
Նախարարութեան փոխանցմամբ, Քարտաշեան նման առաջարկ չէ ներկայացուցած եւ ոչ մէկ մանկատան հետ պայմանաւորուած է:
«Եթէ նման բան ըլլար, ապա Քիմ Քարտաշեան ամուսինին հետ նախ պէտք է ԱՄՆ–ի իրաւասու մարմիններէն թոյլտւութիւն ստանար, ապա Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւն ներկայացնէր համապատասխան փաստաթուղթերը, որոնմէ ետք որդեգրման թոյլտւութիւն ստանալէ ետք միայն կրնան տեսնել երեխան: Պաշտօնական որեւէ առաջարկ Քարտաշեանի կողմէ Հայաստանը չէ ստացած: Ինչ կը վերաբերի լուրերուն, թէ երեք տարի առաջ Հայաստանի մէջ Քիմ այցելած է մանկատուն, իրականութեան չեն համապատասխաներ: Այն ժամանակ բոլորիս աչքի առջեւ եղած է, թէ ուր այցելած է ան»,– յայտնած են նախարարութենէն:
Նշենք, որ զոյգը արդէն երեք երեխայ ունի` Նորթը, Սէյնթը եւ Շիքակոն: Վերջին երեխային` Շիքակոյին, զոյգը ունեցած էր փոխնակ մօր օգնութեամբ, քանի որ բժիշկները այլեւս արգիլած են Քիմ Քարտաշեանին յղիանալ:
Ամերիկահայ յայտնի Քարտաշեաններու ընտանիքը 2015 թուականի Ապրիլ 8-ին եկած էր Հայաստան: