Ինչպէ՞ս Կորսնցուցինք Ժողովուրդը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ


Խիստ ուշագրաւ եւ յարաճուն կերպող շեշտուող երեւոյթի մը ականատես ենք այս օրերուն:

Հայաստանի «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» ետք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձած է կիզակէտ բազմաթիւ քաղաքական վերլուծութիւններու եւ ինչու չէ նաեւ թիրախաւորուած՝ ցեխարձակումներու: Այս երեւոյթին չէ որ յօդուածագիրս այս գրութեամբ կ՛ուզէ անդրադառնալ, որուն արձագանգները մենք կարդացինք դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Վաչէ Բրուտեանի «Մենք Հալածախտէ Չենք Տառապիր» եւ Արման Պաղտոյեանի «Դաշնակցութիւնը Քննադատողները Անպայման Հակադաշնակցականներ Չեն»  յօդուածներուն մէջ: Նոյն տրամաբանութեան շրջանակին մէջ Հրաչեայ Սիմոնեանի «ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի Շեմին» եւ Հայկ Քայսէրեանի «Վերանորոգուած ՀՅԴն Կրնայ Ժողովրդավարութիւն Կերտել Հայաստանի Մէջ»ը կրկին կը բարձրաձայնեն Դաշնակցութիւնը էապէս բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը: Քայսէրեան հարցը կը դիտարկէ որպէս Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խթան հանդիսացող քայլ, իսկ Սիմոնեան՝ որպէս կուսակցութիւնը վերընձիւղելու միջոց: Հակառակ անոր, որ կը բաժնեմ վերոյիշեալ յօդուածագիրներուն միտքերուն մեծ մասը, ինչպէս՝ կուսակցութեան բարեփոխման հրամայականը, տարակարծիք կը մնամ որոշ այլ կէտերու: Սոյն յօդուածի շեշտադրումը կուսակցական-կազմակերպական խնդիրներու վրայ չէ այլ՝ յետ-Մայիսեան հայաստանեան իրականութեան հետ ստեղծուած ՀՅ Դաշնակցութեան հանրային դիսկուրսին (խօսոյթ) (թերեւս՝ քննարկումներո՞ւն-Խմբ.):

Յօդուածագիրիս համեստ կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող յետ-յեղափոխական միջավայրը եւ ծաւալող դիսկուրսը Դաշնակցութեան եւ յատկապէս անոր հայաստանեան կառոյցին վերջին 25 տարիներու պատմութեան ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրն է ոչ (միայն) կազմակերպական այլ՝ գաղափարական առումով (արժեհամակարգ եւ քաղաքական աշխարհայեացք): Գիտակցաբար չեմ օգտագործեր «վտանգ» բառը, այլ կը բաւարարուիմ՝ ըսելով «մարտահրաւէր» հետեւեալ պատճառներով. առաջին՝ հարցը կ՛ուզեմ «Դաշնակցական/հակադաշնակցական» արդէն իսկ նեխած պարունակէն դուրս դիտարկել եւ չներկայացնել խնդիրին էութունը իբրեւ լոկ Դաշնակցութեան կազմակերպական գոյութեան դէմ արշաւանք, ինչպէս շատեր կը բնութագրեն:

Հակառակ առկայ նման կարծիքներու, դժուար է հաւատալ կամ համոզիչ փաստեր ներկայացնել թէ Դաշնակցութեան հայաստանեան կամ աշխարհասփիւռ կառոյցը կրնայ քայքայուիլ մօտիկ ապագային: Քաղաքական լուրջ մօտեցումը կ՛ենթադրէ առաջնորդուիլ առարկայական տուեալներով եւ ոչ թէ ապագայի հանդէպ ինչ որ ձգտումներով, որքան ալ անոնք դիւթիչ թուին շատերուն: Երկրորդ՝ մարտահրաւէրը ոչ միայն կը դիւրացնէ հարցին էութիւնը հասկնալը իր ամբողջութեան մէջ, այլ առիթ կու տայ ձերբազատուելու «վտանգ» բառը յատկանշող դաւադրութիւններ տեսնելու մոլուցքէն, որմէ տառապողներու թիւը այդքան ալ քիչ չէ այսօր: Անցնինք նիւթին:

Այն, ինչը այսօր Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը կը դիմակայէ որպէս մարտահրաւէր էապէս տարբեր է 90ական թուա-կաններուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրերուն ապրածէն: Այդ ժամանակուայ պատմութիւնը քիչ թէ շատ ծանօթ է բոլորին ու անհրաժեշտութիւն չկայ այստեղ կրկնելու: Բայց երբ նայինք այն դիսկուրսին, որուն ընդմէջէն Դաշնակցութիւնը փորձած է եւ դեռ որոշ առիթներով կը փորձէ ներկայացնել Տէր Պետրոսեան-ՀՅԴ առճակատումը կամ հակամարտութիւնը, կը տեսնենք հետեւեալը. Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական քաղաքականութիւնը միշտ ներկայացուած է (ունենալով ճշմարտութեան որոշ բաժին մը անշուշտ) իբրեւ իշխանական բիրտ ուժի կիրառում ընդէմ կուսակցութեան: Տրուած ըլլալով, որ այդ ժամանակամիջոցին Դաշնակցութիւնը իշխանութեան մաս չէր կազմեր, շեշտադրուեցաւ իշխանութեան եւ Տէր Պետրոսեանի՝ արտաքին (այսինքն ոչ միայն ոչ Դաշնակցական այլ նաեւ Դաշնակցութեան համար խորթ) եւ ուրեմն օտարացուած ըլլալու հանգամանքը:

Տէր Պետրոսեան-ՀՅԴ այս հակա-դրութիւնը հասկնալի պիտի ըլլար եւ հեշտութեամբ պիտի մատուցուէր կուսակցական շարքերուն Դաշնակցութան պատմութենէն իսկ օրինակներ բերելով: Հարցը պիտի դիտարկուէր իբրեւ արտաքին հալածանք (որքան ալ անոր աղբիւրը ըլլար հայրենական) համեմատութիւններ կատարելով Սովետական, Օսմանեան եւ այլ ուժերու հակադաշնակցական գոր-ծունէութեանց հետ: Բնականաբար, ուրեմն, երեւոյթը պիտի չստանար քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ ընթացող վերջախաղի հանգամանք (վասն իշխանութիւն պահելու կամ իշխանութեան հասնելու) այլ որպէս Արցախեան որոշ տարածքներ վերադարձնել ուզող ինչ որ արտաքին իշխանական ուժի բռնաճնշում՝ ընդդէմ այդ տարածքներու ազատագրման մէջ մեծ ներդրում ունեցող մէկ այլ ուժի: Շեշտադրումը դրուած ըլլալով ազգայնական լարերու կամ զգացողութեանց վրայ, Դաշնակցութիւնը իր այս դիսկուրսով ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իր քաղաքականութեամբ կրցան հակադրութիւնը խորացնել:

Ասիկա յանգեցուց այն արդիւնքին, որ Դաշնակցական շրջանակներու կողմէ Տէր Պետրոսեանի ներկայացուցած իշխանութիւնը սկսաւ դիտուելու իբրեւ զաւթուած եւ հակաժողովրդական: Կուսակցական այս հոգեկերտուածքին եւ քաղաքական սնուցման վրայ անշուշտ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար Դաշնակցական շրջանակներու մէջ համատարած «ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին համար» նշանաբանը, ուր Դաշնակցութիւնը իր աշխարհայեացքով պիտի մարմանաւորէր ժողովուրդը որքան ալ անորոշ կամ անձեւ ըլլար այս եզրը, իսկ նորաստեղծ անկախ Հայաստանը՝ կուսակցութեան երկարամեայ աշխատանքներուն արգասիքը: Նման բեւեռացուած միջավայրի մէջ, Դաշնակցութեան դաւանած, բայց երբեք լիարժէք չգործադրած ընկերվարութիւնը մնաց ստուերի, եթէ ոչ ամբողջութեամբ, յետնամասի մէջ (background): Հետեւաբար, Դաշնակցութեան կուսակցական մտայնութեան մէջ հետզհետէ զարգացաւ եւ խորացաւ ժողովուրդ եւ իշխանութիւն եզրերու տարանջատումը՝ որպէս 90ա-կանները խորհրդանշող դիսկուրս:

Այս պայմաններուն տակ, Դաշնակցութիւնը կը կարենար ինքզինք արդարացնել իբրեւ հալածուած կազմակերպութիւն՝ օգտագոծելով Տէր Պետրոսեանի ուժի իշխանական եւ հետեւաբար արտաքին բնոյթը, իբրեւ խոչընդոտ այն աշխատանքներուն, զորս ան պիտի ուզէր ծաւալել ժողովուրդին մէջ: Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական քաղաքականութիւնը բացառիկ աւիշ տրամադրեց հալածախտի այս դիսկուրսին, որուն դրսեւորումները տարբեր ձեւերով կը տեսնենք մինչեւ այսօր:

Այս հակիրճ ներածականով ուզեցի բացատրել թէ իշխանութիւն/ժողովուրդ դիսկուրսի ակունքները ուր կարելի է փնտռել կամ որ ուղղութեամբ հնարաւոր է խորացնել: Տէր Պետրսեանի օրերուն ծաւալող կուսակցական դիսկուրսը որոշ արդարացում մը կրնար ունենալ բայց դժբախտաբար մնաց անփոփոխ Քոչարեանի իշխանութեան եւ յատկապէս Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրերուն, որուն «արգասիքը» հանդիսացաւ ՀՀԿ-ՀՅԴ  իշխանական դաշնակցութիւնը (coalition): Հոս արդէն արտաքինի եւ ժողովուրդի միջեւ վերոյիշեալ տարանջատումը սկս-աւ խեղաթիւրուելու նախ եւ առաջ առարկայականօրէն, պարզ այն պատճառով որ ՀՅԴն մտաւ իշխանական համակարգ:

Բայց հակառակ քաղաքական այս շրջադարձներուն, Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի ներկայացուցիչները յամառօրէն փորձեցին պաշտպանել  իշխանութիւն/ժողովուրդ երկուութիւնը, ինչպէս ըրած էին Տէր Պետրոսեանի օրերուն, ի գին բոլոր քաղաքական տրամաբանութեան եւ համատարած դժգոհութեան: Այս պարագային «ժողովուրդէն ծնած, ժողովուրդին համար» նշանաբանը կերապարափոխուեցաւ եւ առաւ իշխանական բնոյթ կամ երանգաւորում: Այսինքն՝ դարձաւ, իշխանութիւն յանուն Ժողովրդի: ՀՀԿ-ՀՅԴ դաշնակցութիւնը ներկայացուեցաւ որպէս իշխանական համակարգին ընդմէջէն ժողովուրդին համար բարեփոխումներ կատարելու փորձ՝ անտեսելով շատ յաճախ այն իրականութիւնը եւ պարզ քաղաքական խոհեմութիւնը որ մեծամասնութիւնը շատ աւելի հեշտութեամբ կը (նենգա)փոխէ կամ կ՛այլափոխէ փոքրամասնութիւնը քան՝ հակառակը:

Այս պարունակին մէջ է որ Դաշնակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները բազմիցս եւ անհեթեթօրէն կրկնեցին կուսակցութեան ընկերվարական դաւանանքը, դժբախտաբար բայց արդարօրէն նաեւ, հեգնանքի առարկայ դառնալով իրենց իսկ մարմանաւորած կամ, այսպէս ըսած, ներկայացուցած ժողովուրդին, ՀՀԿի քրէաօլիկարխիկ իշխանական համակարգին մէջ ներքաշուելուն պատճառով: Հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու համար ծնունդ առած կուսակցութիւնը, ինչպէս կը գրէ Դաշնակցական պատմագրութիւնը, de jure կը դառնար անոր շահերն ու իրաւունքները ոտնահարող համակարգին մէկ մասնիկը ու միաժամանակ կը կրէր անոր պատասխանատուութիւնը:

«Վասն ժողովուրդի» կամ «յանուն Հայրենիքի» խորագիրին տակ յաճախ հնչող յայտարարութիւնները կը խաթարեն Դաշնակցութեան քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալու հանգամանքը: Պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ համոզուիլ որ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդ եզրին հետ նոյնացնելը (թէկուզ դիսկուրսի մակարդակով) ոչ միայն անհեթեթ է, այլ գաղափարապէս եւ քաղաքականօրէն վտանգաւոր: Միամտութի՞ւն է գուցէ հաւատալ, որ առաջին հերթին կուսակցական շահն է որ անցնող տասը տարիներուն ընթացքին ապահովուեցաւ տարբեր միջոցներով (նախարարներով, Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուածութեամբ,  քուէներու աճով) բայց որ ներկայացուեցաւ որպէս ժողովուրդին շահը: Հետեւաբար, պատահական չեն այն յայտարութիւնները, որոնք կը շեշտեն թէ Դաշնակցութեան շահը Հայ Ժողովուրդի շահն է:  Իսկ կու գա՞յ արդեօք այն օրը երբ կ՛ընդունինք, որ Դաշնակցութեան շահը հէնց Դաշնակցութեան շահն է: Ազգայնականութեան տեսութեան ծանօթները պիտի չդժուարանան համաձայնելու որ ազգայնականութիւնը առաջին հերթին դիսկուրսը եւ պատումը ձեւաւորելու ուժ է, որ կը խօսուի կամ կը գործադրուի քիչերու կողմէ՝ բայց բոլորին անունով: Նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է հաստատել, որ ոեւէ կուսակցութիւն կրնայ խօսիլ «Յանուն Ժողովուրդի» կամ «Յանուն Հայրենիքի» դիսկուրսով կամ եզրերով: Ուրեմն եթէ մէկ ուժ կը կարենայ բոլորին անունով խօսիլ, այդ պարագային ինչի՞ կը ծառայեն մնացած կուսակցութիւններն ու քաղաքական հոսանքները:

Ժողովուրդին անունով յայտարարութիւնները շարունակուեցան ՀՀԿ-ՀՅԴ դաշնակցութեան շրջանին: Հեշտ է յայտարարութիւններ ընել ընկերվարութեան անունով, բայց ցաւալի է որ անոնք պայմանաւորուած են քրէաօլիկարխիկ համակարգի մը մասնակցութեամբ: Հետեւանքը եղաւ այն, որ նոյն այդ ժողովուրդը, որուն անունով պէտք է հանդէս գար եւ կամ կու գար ՀՅԴն, օտարուեցաւ օրուայ իշխանական կեղեքող համակարգին կողմէ,  խորացնելով արդէն իսկ երկար տարիներու ընթացքին զարգացող քաղաքական դաշտի վիհը:

Հետեւանքը եղաւ այն, որ կուսակցութիւնը շարունակեց խօսիլ ժողովուրդին անունով  (յաճախ կուլիսային բառապաշարով. «մենք պատրաստ ենք մեր հեղինականութիւնը զոհելու յանուն ժողովուրդի շահերին», կամ նմանատիպ յայտարարութիւններով) բայց լսարան կամ ունկնդիր չգտաւ, որովհետեւ ժողովուրդը շատոնց իսկ դադրած էր զինքը քաղաքական փարոս տեսնելէ: Այս բոլորը աւելի սուր բնոյթ ստացան երբ օրուան կուսակցական ներկայացուցիչները իրենց ձեռքը չպահելով ժողովուրդի բազկերակին վրայ, շարունակեցին պնդել թէ հակադաշնակցականութիւնը (պայմանաւորուած ժողովրդային համատարած դժգոհութեամբ) նոր երեւոյթ մը չէ եւ կու գայ Սովետական ժառանգութենէն կամ, նուաս-տացնելով նոյն այդ ժողովուրդը՝ ստորադասեցին անոնց քաղաքական կամքն ու արհամարեցին հասուն գիտակցութեան մը հաւանականութիւնը:

Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը ոչ միայն փոխեց քաղաքական իրավիճակը, այլ եկաւ թօթափելու նոյն այս դիսկուրսը: Եթէ մինչեւ Մայիսեան դէպքերը, Դաշնակցութիւնը, մասնակցելով իշխանական համակարգին՝ կը կարենար խօսիլ (կամ կը հաւատար, որ կը խօսէր) ժողովուրդին համար ու անունով,  այսօր նոյն այդ ժողովուրդն է որ կը պահանջէ կուսակցութեան անյապաղ հեռացումը քաղաքական դաշտէն, իբրեւ նախկին համակարգին (establishment-ի) մաս: Անհեթեթ է ակնկալել, որ մեր լսարանը մեզ լսէ, երբ մե՛նք պատրաստ չենք լսելու: Իբրեւ հետեւանք, ստեղծուեցաւ մէկ նոր իրականութիւն, ուր արդէն իսկ բովանդակութենէ պարպուած «ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին համար» նշանաբանը փուլ եկաւ ինքն իր վրայ կուսակցութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքով: Եթէ այս կարգախօսը կիրառելի էր Սփիւռքի մէջ, Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտի պարագային ապացուցեց իր խաբուսիկութիւնը:

Յեղափոխութիւնը, որ պիտի արմատախիլ ընէր տասնամեայ քրէաօլիկարխիկ համակարգը, անխուսափելիօրէն պիտի հարուածէր նաեւ Դաշնակցութեան եւ յատկապէս անոր պատած դիսկուրսը: Գաղափարական առումով դժուար էր Դաշնակցութեան համար հաշտուիլ եւ առերեսուիլ այն կատարուած իրողութեան հետ, որ ժամանակակից Հայ իրականութեան պատմութեան ամէնէն բեկումնային պահերէն մէկուն հետ անիկա ուղղակի աղերս չունենար: Աւելին՝ անիկա ոչ միայն առնչակից չէր յեղափոխական գործընթացներուն հետ, այլ ստեղծուած բողոքի ալիքը կու գար հարուածելու անոր իսկ իշխանական յենարանը: Հետեւաբար ունեցանք մէկ այնպիսի կացութիւն, ուր Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէր իր քաղաքական սանձը եւ իր ազդեցիկ աւանդական դերը (որ Հայաստանի մէջ արդէն տարինէրէ ի վեր կը նուազէր) եւ պէտք էր շատ արագ յարմարիլ նորաստեղծ իրականութեան՝ քաղաքականապէս չմեկուսացուելու համար:

Հայաստանի վերջին 25 տարուան պատմութեան մէջ այսօր առաջին անգամն է, որ հակադաշնակցական  պոռթկումը (ոչ որպէս բացասական հասարակ երեւոյթ, այլ որպէս քաղաքական ուղղուածութիւն կամ կեցուածք) կը ստանայ ժողովրդական ծաւալ կամ այսպէս ըսած grassroots հանգամանք: Անհիմն ցեխարձակումները զանց առնելով, սա առաջին անգամն է երբ ժողովուրդը հաշուետուութեան կ՛ենթարկէ Դաշնակցութիւնը իր իսկ հաւատացած իշխանութիւն/ժողովուրդ հարթութեան վրայ: Այսինքն՝ այս նոր մարտահրաւէրին նրբութիւնը եւ միաժամանակ լրջութիւնը կը կայանայ հոն, որ հոսանքը, որուն դէմ այսօր պէտք է մրցի Դաշնակցութիւնը, կու գայ ոչ միայն վերէն (from above, ինչպէս մեծ հաշիւով Տէր Պետրոսեանի օրերուն էր) բայց միաժամանակ եւ աւելի հուժկու ձեւով վարէն (from below հասարակութենէն կամ ժողովուրդէն): Հետեւաբար, վերոյիշեալ դիսկուրսը ոչ միայն կը դառնայ ժամանակավրէպ կամ սխալ, այլ անոր առկայութիւնը կը խաթարէ կուսակցութեան ամբողջ raison d՛etre-ը քայքայելով իր իսկ ձեւակերպած պատումին հիմքերն ու տրամաբանութիւնը: Այս երկու հոսանքներուն արանքին մէջ մնացած ըլլալով Դաշնակցութիւնը կորսնցուց թէ՛ «կտոր մը» իշխանութիւնը եւ թէ ժողովուրդը:

Այսօր Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի կարեւորագոյն խնդիրներէն է սահմանագծել եւ յստակացնել իր առաջնահերթութիւնները Հայաստանի մէջ: Ո՞վ է անոր լսարանը եւ ի՞նչ պատգամ կ՛ուզէ փոխանցել: Ահա երկու հացադրումներ որոնք անպատասխան մնալու պարագային կը դժուարացնեն յառաջընթացը ստեղծուած այս նոր իրավիճակին մէջ: 19րդ դարու մոլորեցնող բառապաշարէն (ժողովուրդ, ազգ, Հայրենիք) ձերբազատուելով Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցին համար անհրաժեշտ է ձեաւորել նոր դիսկուրս, Յեղափոխութեան ստեղծած փոփոխութիւններու լիարժէք գիտակցումով: Ժողովուրդն ու ազգը լպրծուն յղացքներ են, որոնք յարափոփոխ են ժամանակի հետ: Քաղաքական դիսկուրսներու մէջ անոնց օգտագործման պարագային հարկ է նաեւ մտածել, կամ հարց տալ, թէ՝ ժողովուրդ կամ ազգ եզրերը, որոնք ըստ էութեան պէտք է համապարփակ ըլլան, ի՞նչն է որ կը ներառեն (include) եւ ի՞նչը՝ ոչ (exclude): Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը իր տեղը ապահովելու համար, յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն մէջ պարտի իր դիսկուրսային շեշտադրումը կատարել ոչ ժողովուրդի կամ ազգի այլ՝ մարդուն վրայ՝ որպէս լիիրաւ եւ լիարժէք քաղաքացի: Նման դիսկուրսային ոստում կատարելու համար, անշուշտ, ժամանակ, զգաստութիւն ու քաղաքական կամք պէտք: Հետեւաբար, նախքան վերընձիւղուելու գործընթացը սկսիլը, անհրաժեշտ է խորապէս գիտակցիլ, հասկնալ եւ ամէնէն կարեւորը՝ ընդունիլ այն գահավէժ ճանապարհը, որ առաջնորդեց այս քաղաքական օտարացման եւ մեկուսացման: Սոյն պահանջը Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը կը դնէ քաղաքական գործընթացներէն ժամանակաւորապէս նահանջելու հրամայականին դիմաց: Այս առումով շատ աւելի նպատակայարմար է որ Դաշնակցութիւնը չմասնակցի Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որուն արդիւնքները կռահելի են գրեթէ բոլորիս: Նման «քաղաքական արկածախնդրութիւնը» ոչ միայն կը մսխէ կուսակցութեան մարդուժն ու տարբեր միջոցները, այլ կրնայ անվերադարձ խափանել վերակազմակերպման յետագայ փորձերը:

vketsemanian@gmail.com