Եուրի Խաչատուրով Վերադարձած է Հայաստան
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն հեռացուելէ ետք Եուրի Խաչատուրով անմիջապէս վերադարձած է Հայաստան:
«Պարոն Խաչատուրովը այժմ Երեւան է»,-Panorama.am-ին տեղեկացուցած է Խաչատուրովի փաստաբան Միհրան Պօղոսեանը:
Խաչատուրով այս ընթացքին ոչ մէկ անգամ հարցաքննութեան կանչուած է: Փաստաբանը կը կարծէ, որ ատիկա ոչ մէկ կապ ունի անոր Հայաստան չգտնուելուն հետ:
«Եուրի Խաչատուրովը չի խուսափիր արդարադատութենէն»,-նշեց փաստաբանը:
Յիշեցնենք, որ Եուրի Խաչատուրով Նոյեմբեր 2-ին հեռացուեցաւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: Նման միջնորդութիւն ներկայացուցած էր հայկական կողմը, երբ Մարտ 1-ի գործով Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած էր:
Ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, 2018-ի Մարտ 1-2-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետ կապուած 2018 թուականի Յուլիս 26-ին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Խաչատուրովի նկատմամբ դատարանը կիրառած էր այլընտրանքային խափանման միջոց ու զայն ազատած էր 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:
