Ամերիկաhայ Բժիշկ Հրшյր Հnվակիմեան 2 Շաբшթուան Ընթացքին Հայաստանի Մէջ 28 Երեխшյի Կեանք Փրկած է

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան ժամանած է ամերիկահայ մանկական սրտաբան-վիրաբոյժ Հրայր Յովակիմեան, որ 2 շաբաթուան ընթացքին բուժած է 28 երեխայ: Այս մասին կը տեղեկանանք օգտատէր Քարմէն Զոհրապեանի ֆէյսպուքեան էջէն, ուր ան կը գրէ․

«Իսկական բժշկի վառ օրինակ!!! Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան կրկին Հայրենիք կը գտնուի… կրկին նոյն կարեւոր առաքելութեամբ…
Կոչումով բժիշկը իր անձնակազմին հետ վերջին 2 շաբաթներու ընթացքին սրտի բնածին արատով 28 երեխայ վիրահատած է….»։