Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Դրամահաւաքը Տեղի Պիտի Ունենայ Նոյեմբեր 14էն 18՝ «Եկէ՛ք Արարենք Միասին» Բնաբանով

Սփիւռք

ՓԱՐԻԶ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի այս տարուան դրամահաւաքը՝ Ֆոնեթոնը (հեռաձայնային դրամահաւաքը) տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 14-էն 18: Դրամահաւաքի ընդհանուր բնաբանն է «Եկէ՛ք արարենք միասին»ը, որ ֆրանսերէնով թարգմանուած է «Ensemble construisons l’avenir de l’Armenie et de l’Artsakh»:

Ֆոնեթոնին սկիզբ պիտի տրուի Նոյեմբեր 6-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունենալիք երեկոյթով, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին ֆրանսահայ զանազան կազմակերպութիւններու գործունէութիւնները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆոնեթոն-2018-ի ծրագիրները, որոնք գլխաւորաբար կը վերաբերին Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական ոլորտի զարգացման, Արցախի մէջ արեգակնային ուժանիւթի միջոցներու հաստատման, ինչպէս նաեւ Սուրիահայերու օժանդակութեան:

Ֆոնեթոնը Մարսէյի մէջ պիտի կատարուի Նոյեմբեր 14-էն 17, իսկ Ֆրանսայի մնացեալ շրջաններուն մէջ՝ Նոյեմբեր 15-էն 18: