Լոս Անճելըսի «Փարոս» Հիմնադրամը Կ՛ընդլայնէ Հայաստանի Դպրոցականներուն Մատուցած Իր Ծառայութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի հայ համայնքին ջանքերով գործող «Փարոս» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կը նախատեսէ նոր թափ հաղորդել իր բարեգործական ծրագիրներուն: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին «Փարոս»-ի գործադիր տնօրէն Փիթըր Ապաճեան, ծրագիրի ղեկավար Սեւան Ամիրեանց եւ ներկայացուցիչ Գեղամ Մինասեան նոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերին ծրագիրներու յետագայ ընթացքին շուրջ, կը հաղորդէ “Արմենփրես”։

Հիմնադրամի ղեկավար կազմը խնդրեց նախարարէն աջակցիլ, որպէսզի իրենց յետագայ ծրագիրները առաւել ուղղորդուած եւ թիրախային դառնան: Հիմնադրամը կը նախատեսէ աւելցնել Հայաստանի դպրոցներուն սպասարկող ատամնաբուժական շարժական բուժարաններու թիւը:

«Փարոս»-ը ատամնաբուժական անվճար ծառայութիւններ կը մատուցէ նաեւ Շէնգաւիթի մէջ՝ հաշմանդամ երեխաներու կրթական կեդրոնին եւ ռազմական համալսարանին: