Հայաստան Պելառուսիոյ Լաւ Ու Վստահելի Ընկերն է, Ըսած է Լուքաշենքօ

Աշխարհ, Հայաստան

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ ըսած է, որ «անկախ տարատեսակ դատողութիւններէ` ժողովրդավար Հայաստանը, ի դէմս Պելառուսիոյ, ունեցած եւ մշտապէս պիտի ունենայ լաւ ու վստահելի ընկեր»:

Ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ Այս մասին ան ըսած է Մինսկի մէջ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

«Լաւ է, որ եկած էք Պելառուսիա: Ձեր այցը Մինսկ եւ մասնակցութիւնը անվտանգութեան հարցով հանդիպման կը խօսի այն մասին, որ Հայաստանին ոչ թէ պարզապէս կ՛անհանգստացնէ այս խնդիրը, այլեւ անիկա խիստ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար»,- ըսած է Պելառուսիոյ նախագահը:

 Ընդգծած է, որ Պելառուսիան, Հայաստանի հետ աշխատելով ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ, հետեւողականօրէն կը կատարէ իր պայմանաւորուածութիւնները:

«Դուք գիտէք մեր հնարաւորութիւնները, մենք գիտենք ձեր հնարաւորութիւնները: Հետեւաբար, ցանկացած առաջարկ, որ Հայաստան ընէ, մենք պիտի դիտարկենք կարճ ժամկէտի մէջ եւ պիտի ընդունինք համապատասխան որոշում: Գիտեմ, որ դուք բարդ ժողովրդավարական փոփոխութիւններ կ՛ապրիք, ատկէ ոչ մէկ տեղ չես կրնար փախչիլ, եւ, ի հարկէ, տեղեկութիւն ստանալ առաջին ձեռքէ, իմ ընկերոջմէն, գործընկերոջմէս, ինծի համար շատ կարեւոր է»,- նկատել տուած է Լուքաշենքօ:

Նշելով, որ Պելառուսիոյ համար կարեւոր էր հետեւիլ բարեկամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` ան ըսած է. «Մենք ի դէմս Ձեզի կը տեսնենք այն մարդը, որ առարկայական է, իրատես ու պատրաստ է աջակցելու Պելառուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն, եւ մենք փոխադարձ պատասխան կու տանք այս ամէնուն»:

Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն դժուար օրերուն Պելառուսիոյ նախագահին աջակցութեան համար:

«Ես ե՛ւ որպէս նախագահ, ե՛ւ որպէս մարդ երբեք չեմ մոռանար այն ուշադրութիւնը, որ ստացած եմ Ձեզմէ: Ձեր զանգերը պարզապէս դիւանագիտական կամ քաղաքական զանգեր չէին, անոնք զանգեր էին ընկերոջմէ, որուն ոչ թէ միայն հետաքրքրական է, այլ որուն համար ե՛ւ ցաւալի է, ե՛ւ ուրախալի, մարդ, ընկեր, որ կը ցանկայ իմանալ եւ օգնել»,- նշած է Արմէն Սարգսեան: