Ընտրական Օրինագիրքի Բարեփոխումներու Փաթեթը Կրկին Մերժուեցաւ Ազգային Ժողովին Կողմէ

Հայաստան

Ազգային Ժողովին մէջ երկրորդ անգամ գումարուած արտահերթ նիստի ընթացքին  Ընտրական օրինագիրքի բարեփոխումներու փաթեթը կրկին չստացաւ բաւարար ձայներ:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` բարեփոխումներու փաթեթին կողմ քուէարկեց 62 պատգամաւոր, դէմ` 2 պատգամաւոր, ձեռնպահ պատգամաւոր չկար: Փաթեթի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 63 կողմ ձայն:

Հոկտեմբեր 29-ին արտահերթ նիստ գումարելու եւ բարեփոխումներու փաթեթը կրկին ԱԺ օրակարգ բերելու համար ստորագրահաւաք իրականացուցած էր «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած էին երկու խմբակցութիւններու 35 պատգամաւորներ:

Նախապէս՝ Հոկտեմբեր 22-ի ԱԺ արտահերթ նիստի ընթացքին Ընտրական  օրինագիրքին մէջ փոփոխութիւններու փաթեթը չէր ստացած բաւարար ձայներ: Դեմ էին ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները: Օրինագիրքի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 63 կողմ ձայն, սակայն ան ստացաւ ընդամէնը 56 կող ձայն:

Ընտրական օրինագիրքիառաջարկուող բարեփոխումներով ռեյտինգային ընտրակարգէն անցում կը կատարուի համամասնական ընտրակարգի, խորհրդարանի անցողիկ շեմը կը նուազի մէկ տոկոսով, կը կրճատուի ընտրական գրաւը: Ընտրութիւններու արդիւնքով խորհրդարան կ՛անցնին չորս քաղաքական ուժեր: