Եւրոպայի Մէջ Ապրող Երեխաները Չեն Ցրտահարուիր, Իսկ Մեր Երեխաները Չեն Կրնար Յաճախել Մանկապարտէզ եւ Դպրոց՝ Ջեռուցման Բացակայութեան Պատճառով․ Բաց Նամակ՝ Եւրոյանձնաժողովի Ղեկավարին

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր Արցախի կանայք բաց նամակով դիմած են Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնին։

Նամակին մէջ նշուած է.

«Յարգելի՛ տիկին նախագահ,

Մենք՝ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) կանայք, այս կոչը կ՝ուղղենք աշխարհին եւ անձամբ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնին։

Մենք մատնուած ենք սովի եւ ցուրտի՝ ամբողջ աշխարհի աչքին առաջ։ Մենք ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած շրջափակման մէջ ենք: ազրպէյճանը կը գողնայ մեր կազն ու ելեկտրականութիւնը։ Ատիկա պարզապէս ուժանիւթի ահաբեկչութիւն է։

Տիկին ֆոն տեր Լէյէն, անցեալ ամառ Դուք պայմանագիր ստորագրած էք ազրպէյճանէն ԵՄ կազի մատակարարումներու աւելնալուն մասին։ Եւրոպայի մէջ ապրող երեխաները չեն ցրտահարուիր, իսկ մեր երեխաները չեն կրնար յաճախել մանկապարտէզ եւ դպրոց՝ ջեռուցման բացակայութեան պատճառով։ Մեր բժիշկները զրկուած են վիրահատութիւններ կատարելու եւ կեանքեր փրկելու հնարաւորութենէն: Մեր 120 հազարանոց բնակչութիւնը յայտնուած է ալիեւի գերութեան մէջ:

ազրպէյճանը իր ցանկութեամբ կը դադրեցնէ Հայաստանէն Արցախ կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարումը։ ալիեւը կը կտրէ մեր կազատար խողովակներն ու ելեկտրական լարերը:

Լաչինի միջանցքը՝ աշխարհի հետ մեր միակ կապը, Դեկտեմբեր 12-էն արգելափակուած է ազրպէյճանի կողմէ: Մեր երեխաները մնացած են առանց.

սնունդի

ելեկտրականութեան

ջեռուցման

դեղերու եւ բուժման հասանելիութեան

կրթութիւն ստալալու հնարաւորութեան

ապագայի եւ կեանքի իրաւունքի

Մենք կրնանք շատ բանի դիմանալ յանուն մեր երեխաներուն, բայց մենք անյապաղ օգնութեան եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելու կարիք ունինք։ Մենք թոյլ չենք տար, որ մեր երեխաները լուռ սպանուին:

Մենք կը դիմենք Ձեզի իբրեւ աշխարհի ամենահզօր կին, նաեւ իբրեւ եօթը երեխաներու սիրող եւ թանկագին ընտանիքի համար հոգ տանող մայր: Մեր սրտի խորքէն կը յորդորենք Ձեզի կանգնելու Արցախի կանանց ու երեխաներուն կողքին եւ ընելու այն ամէնը, ինչ Ձեր ուժերու սահմաններուն մէջ է, որպէսզի ազրպէյճանը դադրեցնէ իր կողմէ կազմակերպուած դաժան շրջափակումը»: