Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է «Save Armenia» Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը՝ Խօսելով Եկեղեցւոյ Ազգապահպան Առաքելութեան Մասին
Հոկտեմբեր 16-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն դոկտոր Փոլ Միւրէյի։
Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ կազմակերպութեան՝ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց նաեւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն խղճի ու կրօնի ազատութեան եւ ի նպաստ միջազգային հարթակներու վրայ ազգային հիմնախնդիրներու բարձրաձայնման։
Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան արժեւորման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն՝ Հայոց Հայրապետը գնահատեց «Save Armenia»-ի մասնակցութիւնը Անթոնիա Արսլանի «Մշօ գիրքը» վէպի արեւմտահայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսի կազմակերպման։ Նորին Սրբութիւնը, անդրադառնալով «Մշօ ճառընտիր»-ի փրկութեան պատմութեան, ընդգծեց, որ անիկա կը վկայէ ազգային, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքի մասին, ինչը իր դրսեւորումը գտած է նաեւ մեր օրերուն։
Դոկտոր Փօլ Միւրէյ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց կազմակերպութեան ընթացիկ աշխատանքները՝ հաւաստիացնելով, որ «Save Armenia»-ն պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել հայ ժողովուրդին ու Հայոց Եկեղեցիին։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեխնամ ու ազգապահպան առաքելութեան, միջկրօնական յարաբերութիւններուն եւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։
