Սկիզբ Կ՝առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածուներու Վերականգնման Առաքելութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Մատենադարանի պատուիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, կը գտնուի Լիբանան: Պատուիրակութեան մէջ են Մատենադարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեանը, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեանը, Վերականգնման բաժինի աւագ վերականգնողներ Սուսաննա Բաղդասարեանը եւ Չինար Մկրտչեանը:

Այցի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ։ Նորին Սրբութիւնը ողջունած է պատուիրակութիւնը՝ իր գոհունակութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնելով Մատենադարանին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն եւ բարեփոխումներուն վերաբերեալ։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատած է Մատենադարանի նախաձեռնած առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ, ի նշան երախտագիտութեան, պատուիրակութեան նուիրած է Բարձրաբերդի Աւետարանի նմանահանութեան եզակի օրինակներէն մէկը։

Հանդիպման ընթացքին Արամ Ա․ Կաթողիկոսին փոխանցուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքածուէն Մատենադարանին մէջ վերականգնուած ձեռագիր հմայիլը։ Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Կաթողիկոսութեան վերադարձուած էր Մատենադարանին մէջ վերականգնուած 10-րդ դարու Սասանցի Աւետարանը։

Մատենադարանի վերականգնողներու մշտադիտարկման աշխատանքներու առաջին փուլը (ձեռագիրներու ֆիզիքական վնասուածքներ, սնկաբանական ախտահարուածութիւն եւ այլն) պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 25: