Լաչինի Միջանցքը Պէտք է Հիմա Ապաշրջափակուի. Հայկ Մամիջանեանի Ելոյթը՝ ԵԽԽՎ Լիագումար Նիստին (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Լաչինի միջանցքը պէտք է հիմա ապաշրջափակուի: Այս մասին ԵԽԽՎ լիագումար նիստին ըսած է ՀՀ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը՝ իր ելոյթին ժամանակ:

«Յարգելի գործընկերներ,

Ձեր դէմքերուն արտայայտութիւնը կը խօսի այն մասին, որ կը կանխատեսէք, որ հայերը այժմ պիտի խօսին ազրպէյճանական յարձակման, գերիներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին, իսկ ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը՝ ի պատասխան՝ պիտի ծանրաբեռնէ ձեզ կեղծ հակադարձումներով։ Բայց թոյլ տուէք բացատրելու, թէ ինչու պարտաւոր են բարձրաձայնելու Լաչինի միջանցքին ազրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական աղէտին եւ վերը նշուած այլ թեմաներուն մասին։ Կը խնդրեմ՝ խօսքերս ընկալել ոչ թէ իբրեւ քաղաքական ելոյթ, այլ՝ իբրեւ խորհելու նիւթ։

Օրինակ՝ մեզմէ ոմանք այս նիստէն ետք պիտի այցելեն Սթրազպուրկի ճաշարաններէն մէկը։ Ես կը խնդրեմ ձեզի, ընթրիքի ընտրութեան ժամանակ, նկատի ունենալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120,000 մարդ կրնայ իր ընտրութիւնը ընել միայն սովորական մաքարոնեղէնի կամ հնդկաձաւարի միջեւ՝ ո՛չ բանջարեղէն, ո՛չ միրգ, ոչ ուրիշ այլ բան:

Եւ երբ դուք, յարգելի գործընկերներ, կը հասնիք ձեր հարմարաւէտ ու տաք հիւրանոցային համարները՝ սառը քամիէն թաքնուելու եւ նորութիւններ դիտելու համար, կը խնդրեմ յիշել, որ 120,000 հայ օրական 6-8 ժամ չունի կազ եւ ելեկտրականութիւն։

Ձեզմէ անոնք, որոնք երեխաներ ունին, կը խնդրեմ պատկերացնէք, թէ ինչ պիտի ընէիք, եթէ աշխարհի վրայ ոեւէ մէկը խոչընդոտէր ձեր երեխային կրթութիւն ստանալը։ Եթէ դասասենեակներուն մէջ այնքան ցուրտ ըլլար, որ դպրոցները ստիպուած գրեթէ մէկ ամիսով փակուէին։

Եւ եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը օրուան աւարտին գլխացաւ ունենայ, կը խնդրեմ ցաւազրկող դեղահատը կուլ տալու ժամանակ յիշել, որ Արցախի մէջ 120,000 հայ դեղամիջոցներ գրեթէ չունի։

Եւ երբ պարոն Սէիտովը պիտի սկսի պատմել, որ ինքնահռչակ ցուցարարները կ՝օգտուին իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքէն, թէեւ «խօսքի ազատութիւնը ազրպէյճանի մէջ» նախադասութիւնը ինքնին օքսիմորոն է, կը խնդրեմ յիշել, որ ազրպէյճանը Եէյլի համալսարանի բնապահպանական արդիւնաւէտութեան ցուցակին վրայ 104-րդն է, եւ ես չեմ յիշեր, որ ազրպէյճանի մէջ երբեւէ բնապահպանական թեմայով բողոքի որեւէ զանգուածային ցոյց տեղի ունեցած ըլլայ։ Թէեւ քիչ առաջ ականատես եղանք, թէ ինչպէս ազրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչը կասկածի տակ կը դնէ ֆրանսական ժողովրդավարութիւնը:

Կրնաք պատկերացնել, որ 1989 թուականի Նոյեմբեր 9-էն ետք՝ Պեռլինի պատի փլուզումէն ետք, Եւրոպայի մէջ ըլլայ վայր մը, ուր ընտանիքներն ու հարազատները իրարմէ բաժնուած ըլլան։ 21-րդ դարուն երեխաները մէկ ու կէս ամիսէն աւելի չեն կրնար հանդիպիլ իրենց ծնողներուն։ Բայց յանկարծ սխալ կարծիք չկազմէք. մենք չենք կրնար 30 տարի սպասել. Լաչինի միջանցքը պէտք է հիմա ապաշրջափակուի։ Եւ ինչպէս քանի մը շաբաթ առաջ յայտարարեց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմգինի ուսումնարանը. «Աշխարհը պէտք է անյապաղ գործէ՝ կանխելու Հայոց երկրորդ Ցեղասպանութիւնը»:

Շնորհակալութիւն եւ կոչ կ՝ընեմ կողմ քուէարկելու հայկական պատուիրակութեան առաջարկած փոփոխութիւններուն»,- ըսած է ան: