
Երբեք Մի Կորսնցնէք Հաւատքն ու Ինքնատիրապետումը․ Արցախի Փրկութիւնը, Պիտի Կարենանք Իրականացնել. Դաւիթ Բաբայեան
Աշխարհը թեւակոխած է մերկ աշխարհաքաղաքականութեան դարաշրջան, ուր, դժբախտաբար, չափանիշները, սկզբունքները, բարոյականութիւնը մղուած են շատ վերջ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Դաւիթ Բաբայեան։
«Ուստի, երբ կը խօսինք մեր ժողովուրդի իղձերուն, անոր երազանքներուն եւ ցանկութիւններուն մասին, միանգամայն ակնյայտ է, որ միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վրայ հիմնուած ցանկութիւնները, պահանջները, կարծիքները, դժբախտաբար, լաւագոյն պարագային ի գիտութիւն կ՝ընդունուին։
Այժմ մենք կանգնած ենք գոյաբանական բնոյթի սպառնալիքներու առջեւ, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է սառնասրտութիւն, մասնագիտական մօտեցում, հայրենասիրութիւն, աշխատանքի ճիշդ կազմակերպում, համբերութիւն եւ անսպառ աշխատունակութիւն։ Շատ կարեւոր է հնարաւորինս հեռու մնալ ամբողավարներէն, սադրիչներէն, սուտ հայրենասէրներէն, որոնք «ընկերային ցանցերու վրայ եւ լեզուակռիւներու ընթացքին կը կրծեն թշնամիներուն կոկորդը»։
Այս բոլորը, ներկայ պայմաններուն մէջ, կը հանդիսանան ժողովուրդի ու պետութեան փրկութեան երաշխիքը։
Սիրելի հայրենակիցներ, երբեք մի կորսնցնէք հաւատքն ու ինքնատիրապետումը, երբեք։ Երբեք մի վստահիք ամբոխավարներուն, լաչառներուն եւ պատահական մարդոց: Լաչառնն ու բղաւողները երբեք իսկական հայրենասէր չեն ըլլար, հասկցէք վերջապէս։ Ահա դժուարութիւնները յաղթահարելու առանցքային բաղադրիչները, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ փրկել երկիրը նոյնիսկ պատմութեան ամենադժուար ժամանակաշրջաններուն։
Յառաջիկայ երկու-երեք տարիները շատ կարեւոր շրջան պիտի ըլլան: Իսկ եթէ ճիշդ մտածենք, հասկնանք, որ մեր ուժը խելքի, ազնւութեան ու պարկեշտութեան մէջ է, ուստի նուազագոյն ծրագիրը՝ Արցախի փրկութիւնը, պիտի կարենանք իրականացնել»։