Կ՝ուզենք Համախմբել Ծնողները, Որ Գլխաւոր Մեղաւորը Պատասխան Տայ եւ Արցախը Չկորսնցնենք. 44-օրեայ Պատերազին Զոհուածներու Հարազատներուն Նոր Նախաձեռնութիւնը

Հայաստան

44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու 50 ծնողք շուրջ 2 տարի կը պահանջեն՝ պատերազմի աղէտալի ելքին համար բոլոր մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկել: Հիմա անոնք սկսած են նոր նախաձեռնութիւն մը՝ հանդիպումներ Հանրապետութեան բոլոր զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ։ Նպատակը մէկն է՝ համախմբել ծնողները՝ պայքարին նոր եւ առաւել ընդգրկուն թափ տալու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնէ 168.am-ը։

Որդեկորույս ծնողները վստահ են, իրենց տղաներու զոհուելուն թիւ մէկ մեղաւորը Նիկոլ Փաշինեանն է, որ իրենց գնահատականով՝ ապացուցուեցաւ 2022 թուականի Ապրիլ 13-ին, երբ Փաշինեանը Ազգային ժողովէն ներս ի լուր բոլորին յայտարարեց՝ «Կրնայինք կանխել պատերազմը, որուն իբրեւ արդիւնք կ՝ունենայինք նոյն վիճակը՝ ի հարկէ, առանց զոհերու»։

Նախաձեռնութեան հեղինակներու երեկուան այցին առաջին կանգառը Կոտայքի մարզի Քասախ գիւղն էր, ուրկէ 44-օրեայ պատերազմին եղած է 9 զոհ։ Ծնողները այցելեցին Քասախի զինուորական պանթէոն, ծաղիկներ խոնարհեցին զոհերու շիրիմներուն, ծանօթացան Քասախի զոհերու ծնողներուն հետ, ներկայացուցին նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակը։

44-օրեայ պատերազմին զոհուած Յակոբ Ռոստոմեանի (Ռոստ) հայրը՝ Արայիկ Ռոստոմեանը, 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ 2 շաբաթ առաջ մեկնարկած այս շարժումը արդեն իսկ տուած է արդիւնք, իրենց շարքերը համալրած են զոհուած զինծառայողներու տասնեակ ծնողներ։

«Մօտ 15 օր առաջ ծնողներով հաւաքուեցինք եւ որոշեցինք, որ այն գործողութիւնները, որ մենք կ՝իրականացնենք Գլխաւոր դատախազութեան դիմաց, Քննչական կոմիտէի մօտ, այն օգուտը չի տար, որը մենք կը կանխատեսէինք, քիչ մը դադար տուինք եւ փորձեցինք այդ ժամանակահատուածը օգտագործել եւ ամբողջ Հայաստանով շրջելով, գիւղ առ գիւղ այցելելով մեր հերոսներու շիրիմներուն, նախ՝ բոլորը դէմքով ճանչնալ, եւ յետոյ՝ ծանօթանալ ծնողներուն հետ։

Անոնց մէջ մենք կը գտնենք այն ծնողները, որոնք կը մտածեն մեր նման, որոնք կը կարծեն, որ իրենց որդիներն ալ սպաննած է այն նոյն մարդը, որ մենք կ՝ըսենք, խօսքը Նիկոլի մասին է։

Մեր բանակը հետզհետէ աւելի կը շատնայ․․․

Մենք կ՝ուզենք համախմբել ծնողները ոչ միայն, որ գլխաւոր մեղաւոր դավաճանը պատասխան տայ, այլեւ համախմբուինք եւ ամբողջ ժողովուրդը հանենք ոտքի, որպէսզի Արցախը չկորսնցնենք։ Մեր որդիներուն արիւնն է այնտեղ թափուած, եւ այդ հողը մեզի համար սուրբ է, բայց կը տեսնենք, որ գիւղ առ գիւղ կը յանձնեն։ Մենք, երբ մեր որդիները հողին կը յանձնէին, կ՝ըսէինք՝ թող վերջին զոհը ըլլայ, բայց փաստօրէն դեռ կը շարունակուի։ Կ՝ուզեմ, որ բոլորը արթննան, որովհետեւ վաղը կրնայ իրենց որդին ըլլալ․․․»։

Նախաձեռնութեան անդամ ծնողները Քասախէն ուղեւորուեցան Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի զինուորական պանթէոն։ 44-օրյեայ պատերազմին հետեւանքով Պռոշեանի մէջ եղած է 19 զոհ։ Ծնողները այստեղ եւս ծաղիկներ խոնարհեցին զոհուած տղոց շիրիմներուն, ծանօթացան անոնց ծնողներուն, հարազատներուն հետ, ներկայացուցին իրենց այցին հիմնական նպատակը։

Նախաձեռնութեան անդամ ծնողները տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբաթ պիտի ուղեւորուին Լոռիի եւ Տաւուշի մարզեր։

Մանրամասնութիւնները՝ 168.am-ի տեսանիւթով.