Դանիացի Երաժիշտները Իրենց Մշակոյթով Կը Պատմեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Դանիացի երաժիշտները իրենց մշակոյթով կը պատմեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

4 տարի առաջ՝ 2018թ․, դանիացի երաժիշտ Հելլէ Ասմիլդը վերցուցած է ուսապարկը՝ վրանով ու քնապարկով, եւ ուղեւորուած Հայաստան։ Հելլէն 5 երեխաներու մայր է։ Երբ աւագ դուստրը անոր առաջարկած էր ճամբորդել, հանգստանալ, երաժիշտ մայրը համաձայնած էր։ Սակայն, երեխաներուն համար անակնկալ էր Հայաստան երթալու Հելլէի որոշումը: Թէեւ յորդորած էին այլ երկիր մեկնիլ, մայրը անդրդուելի մնացած էր։

2018-ին Հելլէն 6 շաբթուան ընթացքին՝ Հայաստանի հիւսիսէն հարաւ գացած է, իր մեծ ուսապարկով բարձրացած լեռներ, հիւրընկալուած տարբեր տեղեր։ Կ՝ըսէ՝ միայն Գիւմրի եւ Սեւան չէ գացած։

«Հայաստանը փոքր երկիր է, աղքատ, բայց այստեղ մարդիկ ընկերական ու հիւրասէր են։ Մտածեցի՝ հարուստ երկրէն կու գամ աղքատ երկիր, ուր մարդիկ ամէն ինչ կու տան ինծի, իսկ ես ի՞նչ կը ձգեմ իրենց իմ երթալէս ետք։ Սկիզբը մտածեցի՝ եթէ գումար վճարեմ հիւրասիրութեան համար, կը վիրաւորեմ զիրենք, ատոր համար արդէն իբրեւ երաժիշտ սկսայ մտածել։ Երբ մարդիկ կը հիւրընկալէին զիս, մտայղացում եղաւ մշակութային փոխանակութեան մասին»,- կ՝ըսէ Հելլէն։ Երբ ան պատահաբար գիտցած է դանիացի միսիոներ Քարէն Եփփէի գործունէութեան մասին, միանգամայն որոշած է հետազօտել եւ պատմութիւնը հիւսել այդ կնոջ գործերուն շուրջ։

Horizon Weekly Newspaper

Քարէն Եփփէն դանիացի միսիոներ էր, որ 20-րդ դարասկիզբին օգնած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ջարդերու եւ ցեղասպանութեան ենթարկուող հայերուն։ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ Եփփէն շարունակած է առաքելութիւնը՝ դասախօսութիւններով եւ հրապարակումներով խօսելով Մեծ Եղեռնի մասին։

Այս կնոջ մասին էր, որ Հայաստանի ազգային գրադարանի դահլիճին մէջ վերջերս պատմութիւն կը պատմէին դանիացի երաժիշտ Հելլէն եւ անոր դուստրը՝ Ամալին։ Մայր ու դուստր իրենց միջոցներով եկած էին Հայաստան, իսկ հիւրընկալութիւնը, համերգի կազմակերպումը հոգացած էր Երեւանի կանանց միջազգային ընկերակցութիւնը (International Women’s Association of Yerevan, IWAY): Համերգին հրաւիրուած էին Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Հասոյթը պիտի հատկացուէր բարեգործական նպատակներու։

Փոքր դահլիճին մէջ, մայր եւ դուստր Ասմիլդները արուեստի ձեւով կը ներկայացնեն Քարէն Եփփէի, իսկ իրականութեան մէջ՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենազգայուն դրուագները։ Դադարներու ժամանակ Հելլէն կը վերցնէր աքորտիոնը, Ամալին՝ ջութակը, եւ երաժշտութեամբ կը շարունակէին պատմել։ Դանիացի երաժիշտները կ՝երգէին ու կը նուագէին նաեւ հայկական երգեր ու մեղեդիներ։ Հանդիսատեսի շարքերուն մէջ մարդիկ աննկատ կը մաքրէին իրենց աչքերը, իսկ բեմին վրայ պատմութիւնը չէր լռեր։

Ասիկա Հելլէի եւ Ամալիի անձնական նախագիծն էր։ Երբ քորոնավիրուսի համավարակը նոր տարածուած էր, անոնք աստիճանաբար զարգացուցին իրենց գաղափարը։ Ամալին կ՝ըսէ, որ նախ հետազօտած են նիւթը, փորձած են կարդալ Քարէն Եփփէի մասին բոլոր գիրքերը, ուսումնասիրել արխիւը, ծանօթանալ վկայութիւններուն։ Հելլէն կը նշէ, որ մինչ այդ ալ ինքը լսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իսկ Ամալին միայն այս հետազօտութեան ժամանակ գիտցած է, թէ ինչ տեղի ունեցած է հայերուն հետ Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկ դար առաջ։ Ամալին կ՝ըսէ, որ հիմա ինք կ՝ուզէ պատմութիւնը փոխանցել անոնց, որոնք տեղեակ չեն այդ մասին։

«Ասիկա մարդկային պատմութիւն է, ուր տարբեր ազգեր կրնան գտնել իրենց, նաեւ այն մասին է, թէ ինչպէս կրնան օգնել միւս մշակոյթներու մարդոց»,- կ՝ըսէ  Ամալին։

«Ինչպէս նաեւ ճակատագրի մասին է»,- կ՝աւելցնէ Հելլէն։

Նախքան Հայաստան գալը Ասմիլդները համերգ ունեցած էին Դանիոյ մէջ։ Ամալին կը նկատէ, որ շատ քիչերը լսած էին իրենց հայրենակից Քարէն Եփփէի ու Հայաստանի մասին, բայց ներկաներէն շատերը յուզուած էին, քանի որ պատմութիւնը ոչ միայն հայերու մասին էր, այլեւ համամարդկային էր։ Կ՝ըսէ՝ համերգէն ետք մարդիկ կային, որոնք կը մօտենային ու կը պատմէին իրենց պատմութիւնը։

«Ասիկա օրինակ մըն է, թէ ինչպես տարբեր մշակոյթներ կրնան կողք-կողքի ըլլալ»,- կը նշէ Ամալին։

Մայր ու դուստր երաժիշտները կ՝ըսեն, որ Հայաստանէն երթալէ ետք ալ շատ տեղեկութիւններ կ՝ուզեն փոխանցել փոքր ու հիւրընկալ երկրի եւ անոր պատմութեան մասին։ Ամալին կը նկատէ, որ Դանիան պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ իրենք իրենց ձեւով կը փորձեն մարդոց իրազեկել այդ մասին։

Երաժշտական այս պատումը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր Հայաստանի մէջ, բայց Ասմիլդները Դանիա վերադառնալէ ետք պիտի շարունակեն պատմել զայն։ Ամալին, որ առաջին անգամ կու գար Հայաստան, կ՝ըսէ՝ ասիկա վերջին այցը չէ, դեռ պիտի վերադառնան։

«Հորզիոն»