Այս Ծանր Շրջանին, Մեծ Նշանակութիւն Ունի Արցախի Պետականաշինութեան Կերտման Ուղիի Ներկայացումը. Առաջարկուած Է Ձեւաւորել Պետ. Յանձնաժողով
Յուլիս 6-ին, Արցախի Ազգային ժողովի քաղաքական երեք ուժերը՝ Արդարութիւնը, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնները եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը ԱՀ նախագահին դիմած են նամակով, ուր անհրաժեշտ համարած են 2022 Սեպտեմբեր 2-ը նշել պետական մակարդակով եւ այդ նպատակով ձեւաւորել պետական յանձնաժողով՝ Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
«Այս տարի կը լրանայ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարին: Յայտնի պատճառներով անցեալ տարի արժանավայել կերպով չկրցանք նշել 30-ամեակը: 2020-ի պատերազմէն ետք՝ Արցախի բնակչութիւնը հոգեբանական ծանր վիճակէն հանելու համար անհրաժեշտ է հանրային լայն մասնակցութիւն ապահովել եւ հնչեղութիւն հաղորդել Արցախի պետականութեան խորհուրդը իմաստաւորող տօներուն ու յիշատակի օրերուն: Քաղաքական տեսակէտէն նաեւ, այս ծանր շրջանին, մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի պետականաշինութեան կերտման ուղիի ներկայացումը եւ անկախ պետութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը»,- նշուած է նամակին մէջ։
