Յաւերժական Թշնամիներու Դէմ Պայքարի Արդիւնաւէտ Մեքենականութիւններէն Են Հաւատքը, Հայրենասիրութիւնը եւ Մտարուեստութիւնը. Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Յաւերժական թշնամիներու դէմ պայքարի արդիւնաւէտ մեքենականութիւններէն են հաւատքը, հայրենասիրութիւնը եւ մտարուեստութիւնը (professionalism)։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Այո՛, հայ ժողովուրդը մեծ ժողովուրդ է, եւ իւրաքանչիւր մեծ ժողովուրդ ունի մեծ առաքինութիւններ եւ մեծ արատներ։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ յայտնի արտայայտութիւն կայ՝ «չկան մշտական բարեկամներ ու մշտական թշնամիներ, կան մշտական շահեր»։ Բայց, այնուամենայնիւ, կան մշտական թշնամիներ։ Անոնք այնպիսի հասկացութիւններ են, ինչպէս՝ արժէքներու այլասերումը, եսասիրութիւնը, ագահութիւնը, հայրենասիրութեան բացակայութիւնը, անոր ու ազգային արժէքներու նկատմամբ արհամարհանքը եւ այլն։

Հայ ժողովուրդի բոլոր մեծ ներկայացուցիչները մեր պատմութեան ընթացքին մտածած են այդ արատներէն ազատուելու մասին։ Առաջին բանը, որ պէտք է ընել՝ անոնց մտքերը վերլուծելն է։ Այս յաւերժական թշնամիներուն դէմ պայքարի արդիւնաւէտ մեքենականութիւններէն են հաւատքը, հայրենասիրութիւնը եւ մտարուեստութիւնը։ Այս արժէքները պէտք է արմատաւորուին մանկութենէն, պահպանուին պետական ամենաբարձր մակարդակով։ Ասիկա ե՛ւ դիւրին է, ե՛ւ դժուար, բայց հասարակութիւն մը, ուր հայրենասիրութիւնն ու մտարուեստութիւնը հիմնարար արժէքային բաղադրիչներ չեն, դատապարտուած է։

Բնականաբար, անհրաժեշտ է միշտ զգալ նուրբ գիծը եւ ամէն կերպով խուսափիլ խաւարամտութենէ, իսկ ատիկա կը պահանջէ առողջ աւանդականութեան եւ առողջ յառաջդիմութեան ներդաշնակ սինթեզ»,- գրած է Բաբայեան: