Տերիքի Սկաուտական Նորակազմ Կորիզի Պաշտօնական Յառաջացում եւ Դրօշակի Փոխանցում (լուսանկարներ)
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդը, Շրջ. Խմբապետութիւնը, Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Սկաուտ Խորհուրդը, Գամիշլիի Պատկան Մարմինի ներկայութեամբ այցելեցին Տերիք, պաշտօնապէս յառաջացնելու սկաուտական նորակազմ կորիզը։ Այցելուները ջերմապէս դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի փողերախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ։
Այցելութեան առիթով տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն ընդմէջէն սկաուտական կորիզի գայլիկներն ու արծուիկները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր ներկայացուցին։
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կատարեց Միութեան դրօշի փոխանցման արարողութիւն։ Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, Շրջ. Վարչութեան Գամիշլիի ներկայացուցիչ եղբ. Միհրան Տիգրանեան, Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան եւ Շրջանային խմբապետութիւնը ՀՄԸՄ-ի դրօշը փոխանցեցին Տերիքի սկաուտական կորիզի պատասխանատու քոյր Թամար Յովհաննէսեանին։
Այս առիթով խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան։ Ան շեշտեց ՀՄԸՄ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը Տերիքի նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց սկաուտական նորաստեղծ կորիզի պատասխանատուներուն։
Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան։ Ան Շրջ. Վարչութեան զօրակցութիւնը յայտնեց նորաստեղծ կորիզի քոյրերուն-եղբայրներուն եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։
Հանդիսութենէն ետք, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը հանդիպում ունեցան կորիզի սկաուտական պատասխանատուներուն հետ։ Անոնք մօտէն ծանօթանալով Տերիքի սկաուտական կորիզի գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, անհրաժեշտ ցուցմունքներ փոխանցեցին։
ՀՄԸՄ Սուրիա









