Զապէլ Մանկասարեան՝ Ամերիկեան Համր Շարժանկարի Առաջին Դերասանուհին

Այլեւայլ

20-րդ դարու սկիզբը Պրոտուէյի թատերական բեմահարթակներուն վրայ փայլող Ֆլորա Զապէլը ծնած է 1880-ին, Կ.Պոլիս։ Ամերիկեան «Ռոպերթ» քոլէճի շրջանաւարտ է։ Զաւակն է ճանչցուած ամերիկահայ գրող, պատմաբան, աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Մանկասար Մանկասարեանի եւ Ագապի Ալթունեանի:

Հազիւ փրկուելով Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած հայերու ջարդերէն` անոնց ընտանիքը կը հանգրուանէ Շիքակոյի մէջ:

Զապէլի միակ երազանքն էր մեծ բեմի դերասանուհի դառնալը: Եւ 19 տարեկանին, դժուարութեամբ ստանալով ծնողներուն համաձայնութիւնը, ան համարձակ որոշում կը կայացնէ մեկնելու Նիւ Եորք` բառացիօրէն նուաճելու Պրոտուէյը: Դերասանական եւ երաժշտական բացառիկ տաղանդը, գեղեցիկ սոփրանոն, արեւելեան ինքնատիպ արտաքինը եւ գումարած եռանդուն նպատակաուղղուածութիւնը շուտով յաջողութիւն կը բերեն երիտասարդ աղջկան պրոտուէյեան շարք մը  ներկայացումներու մէջ:

1905-ին Ֆլորա Զապէլ բեմական անունով կատակերգական ժանրի արդէն ճանչցուած դերասանուհին կ՝ամուսնանայ Պրոտուէյի musical-ներու ուշագրաւ դէմք Ռայմոնտ Հիչքոքի հետ: Ամուսնական զոյգը միաժամանակ ե՛ւ յաջողութեամբ կը խաղար միասին թատրոնի մէջ, ե՛ւ համատեղ բեմադրութիւններ կ՝իրականացնէր:

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան-Հիչքոքը դարձաւ նաեւ առաջին կին դերասանուհիներէն մէկը ամերիկեան համր շարժանկարի մէջ` խաղալով շարք մը  կատակերգական ֆիլմերու մէջ: Անոր առաջին ֆիլմերն էին 1915-ին նկարահանուած «Օղակապոչ ռնգեղջիւր» եւ «Գիւղական վիճաբանութիւն» ֆիլմերը: Յատկապէս մեծ յաջողութիւն ունեցաւ 1916-ին նկարահանուած «Կարմիր այրի» շարժանկարը։ Այսպիսով, Ֆլորա Զապէլը փաստօրէն կը հանդիսանայ նաեւ առաջին հայ շարժանկարի դերասանուհիներէն մէկը:

Մահացած է 1968-ին, Նիւ Եորքի մէջ։