Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Քօղին Տակ Թուրքիան Իր Սեւ Գործը Կը Կատարէ. Լոքմակէօզեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքագէտ Տիրան Լոքմակէօզեան Sputnik Արմենիայի եթերով անդրադարձած է Ազատութեան սթոքհոլմեան կեդրոնի զեկոյցին, ուր թուարկուած են անցեալ տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման դէպքերը։

Թուրքագէտ Տիրան Լոքմակէօզեան Սթոքհոլմեան կեդրոնին կ՝առաջարկէ աւելի ետ երթալ եւ աւելի ընդգրկուն դարձնել տեղեկութիւնները, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային հետքերու ոչնչացումը ոչ թէ 2021 թուականի խնդիր է, այլ աւելի քան հարիւր տարի շարունակուող քաղաքականութիւն է։

«Հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացումը Թուրքիոյ մէջ ի սկզբանէ կրած է սիսթեմաթիկ բնոյթ։ Այսօր շատ քիչ բան մնացած է, սակայն այդ մնացած կոթողներն ալ կ՝ուզեն իսպառ վերացնել։ Յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի պատմական տարածքներուն մէջ գրեթէ հայկական գերեզմանատուներ, յուշաքարեր չեն պահպանուած, ալ չենք խօսիր մատուռներու եւ վանքերու մասին։ Եկեղեցիներ հատուկենտ կան, որոնք 1915 թուականէն ետք սեփականացուած են եւ յայտնուած տարբեր մարդոց տնօրինութեան տակ։ Վերջին տարիներուն ոմն թուրքերու պատկանող այդ եկեղեցիները համացանցի միջոցով հանուած են վաճառքի»,- Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ թուրքագէտը` ընդգծելով, որ այդ վանքերը Ցեղասպանութենէն առաջ ունեցած են ազգային պատկանելիութիւն եւ այնտեղ մատուցուած են պատարագներ։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէս կարելի է հակազդել հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ վարուող նենգ քաղաքականութեան, Լոքմակէօզեան ընդգծեց, որ խնդրին Հայաստանը պէտք է անդրադառնայ պետական մակարդակով, քանի որ երեսուն տարի առաջ միայն սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող հայկական սփիւռքը զբաղած է նման խնդիրներով։ Սակայն սփիւռքը չի կրնար առանձին պետութեան անունով խօսիլ կամ գործել, ուստի Հայաստանը պէտք է Թուրքիոյ հետ յարաբերելու ժամանակ բարձրաձայնէ խնդիրը եւ այդ մասին խօսի նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ։

«Նիկոլ Փաշինեանը վերջին ասուլիսով յայտարարեց, որ Հայ Դատի հարցը մնացած է Սփիւռքի ուսերուն։ Դժբախտաբար այդպէս է, եւ գործող կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ միայն Սփիւռքն է Ցեղասպանութեան արդիւնք, կարծէք թէ ՀՀ շատ քաղաքացիներ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ եղածներու շառաւիղները չեն։ Ասիկա արդարացում չէ, որպէսզի կառավարութիւնը այլեւս չզբաղի Հայ Դատի հարցերով։ Ասիկա անընդունելի տարանջատում է Սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի միջեւ»,- ըսաւ թուրքագէտը։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կրնա՞յ արդեօք հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը ներառուիլ հայ-թրքական մեկնարկած բանակցութիւններու օրակարգին մէջ, Լոքմակէօզեան շեշտեց, որ երկխօսութեան մէջ առայժմ կ՝ընդգրկուին միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերուն առնչուող հարցերը եւ ընդհակառակը` ոտնակոխ կ՝ըլլան մեր շահերը։ Ըստ անոր` մեզ կը պատրաստեն այն հեռանկարին, որ ճանչցուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը, որ հայկական կողմը ընդունի Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերը, հրաժարի իր պահանջատիրութենէն` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն։

Լոքմակէօզեանի կարծիքով` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի քօղին տակ Թուրքիան կրկին կը կատարէ իր սեւ գործը, որ ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան ամբողջովին ուրիշ նպատակներ ունի, քան այն, ինչ կը ներկայացնէ մեզի։ Լոքմակէօզեանի պնդումով` Թուրքիան չի կրնար իսկապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, որովհետեւ կ՝առաջնորդուի տիրոջ եւ ծառայի սկզբունքով։

Նշենք, որ «Փոքրամասնութիւններու եւ փախստականներու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ. 2021 թուականի ամփոփում» վերնագրով յօդուածին մէջ Ազատութեան սթոքհոլմեան կեդրոնը թուարկած է անցեալ տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման եւ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ աղաղակող իրաւախախտումներու դէպքերը։

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆ կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնաժողովը Պետական բաժանմունքին խորհուրդ կու տայ կրօնական անհանդուրժողականութեան, իրաւախախտումներու եւ վանտալութեան համար յատուկ ցանկին մէջ ներառել Թուրքիան։