Արցախի Ճակատագիրը Որեւէ Քաղաքական Ուժի Մենաշնորհը Չէ Եղած եւ Պիտի Չըլլայ. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը տարածած է յայտարարութիւն՝ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու ենթակայութեան սպառնացող վտանգներու եւ մարտահրաւէրներու մասին:

«Ղարաբաղեան հիմնախնդրի տարեգրութեան ողջ ընթացքին պարբերաբար կը շրջանառուին հիմնախնդրի էութիւնը խեղաթիւրող եւ նենգափոխող յայտարարութիւններ, որոնք կը բարդացնեն ու կը խճճեն հակամարտութեան համապարփակ եւ վերջնական կարգաւորման գործընթացը։ Անթուլատրելի կը համարենք տարբեր քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու կողմէ Արցախի ենթակայութիւնը, անոր հայկական ապագան կասկածի տակ դնող կամ նուազեցնող ցանկացած յայտարարութիւն։ Տարակուսելի է, որ վերջին նման յայտարարութիւնը հնչած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ՝ Դեկտեմբեր 24-ին ԶԼՄ-ներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հարցերուն պատասխանելու ընթացքին։

Արցախի ճակատագիրը որեւէ քաղաքական ուժի մենաշնորհը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ։ Արտայայտելով Արցախի Հանրապետութեան հանրային եւ քաղաքական լայն շրջանակներու կարծիքն ու դիրքորոշումը՝ մեր անհամաձայնութիւնն ու վրդովմունքը կը յայտնենք հարցազրոյցի ընթացքին հնչած շարք մը վնասակար եւ վտանգաւոր ձեւակերպումներու եւ գաղափարներու առիթով։

Մտահոգութիւն կ՝առաջացնէ այն փաստը, որ 1988թ. ազգային- ազատագրական պայքարի՝ ղարաբաղեան շարժման արդիւնքներու հիման վրայ կը հնչեն ձեւակերպումներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն լիովին համապատասխան ձեւաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան գոյութիւնը եւ անոր տեւական պայքարը միջազգային ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ։

Նախորդ տարիներու բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմերու իրաւական եւ քաղաքական հիմքերը եւ մեր ազգային շահերու պաշտպանութիւնը այդ ծիրէն ներս որեւէ հակասութեան մէջ չէր մտներ միջազգային կառոյցներու եւ միջնորդներու ներկայացուցած դիրքորոշումներուն հետ։

Այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը երբեք չէ անտեսուած միջնորդներու կողմէ նախապէս ներկայացուած առաջարկներուն մէջ, կը հաստատուի նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ տրուած պարզաբանումներուն մէջ։

Բանակցային գործընթացին մէջ տարբեր տարիներու քննարկուած աշխատանքային տարբերակներու եւ բանակցային ձեւաչափի հնարաւոր փոփոխման մասին շահարկումները մտահոգիչ եւ վտանգաւոր են։

Անընդունելի կը համարենք Արցախի հայկականութիւնը կասկածի տակ դնող եւ հնարաւոր օտար տարրերու ներկայութեան կարեւորութիւնը ընդգծող յայտարարութիւնները, որոնք մերժելի ու պարսաւելի են Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հազարաւոր հայորդիներու յիշատակին դիմաց։

Գլուխ խոնարհելով արցախեան գոյապայքարի բոլոր նահատակներուն առջեւ, միաժամանակ երախտագիտութիւն կը յայտնենք համայն հայութեան, մասնաւորապէս ՀՀ մեր հայրենակիցներուն՝ Արցախի կողքին կանգնելու, անոր տառապանքներն ու զրկանքները միասին կիսելու համար:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու եղբայրական փոխյարաբերութիւններուն հիմքը տարիներ շարունակ անխափան գործած է դեռ 1992թ. Յուլիս 8-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի ընդունած որոշումը, որ յստակ սահմանած է միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերմունքը միջազգային ճանաչման ձգտող Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Այդ որոշմամբ ՀՀ-ը կը պարտաւորուի «հետեւողականօրէն սատար կանգնիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»: Կը սահմանուի նաեւ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»: Այս բանաձեւը արդիական է նաեւ այսօր:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, վերահաստատելով Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու դիրքորոշումը Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան հարցով, կը յայտարարէ՝ անընդունելի է առանց Արցախի իշխանութիւններու տեսակէտը հաշուի առնելու դիրքորոշում յայտնելը, քանի որ Արցախի ապագայի հարցով որոշում ընդունելու իրաւասութիւն ունին միայն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ ընտրութիւններու միջոցով ձեւաւորուած  իշխանութիւնները»։

27 Դեկտեմբեր