Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած է Արցախա-ատրպէյճանական Սահմանագիծ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 8-ին այցելած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի որոշ հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, պաշտօնատար այլ անձիք: